2016-06-16 09:34:00

Հապիպ Աֆրամ. Թուրքիա պիտի չճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը


Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա պիտի չճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ասորիներուն, քաղդէացիներուն եւ յոյներուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնները, որովհետեւ անոր մշակոյթին, գործելաոճին եւ մտայնութեան մէջ սխալները ընդունելու կարելիութիւն գոյութիւն չունի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Թուրքիոյ մշակոյթին մէջ ներում հայցելու եւ հատուցելու պատրաստակամութիւն չկայ, ընդհակառակն` անոր մօտ գոյութիւն ունի ուրացման եւ ինքզինք անպարտ հռչակելու մօտեցում, որուն պատճառով ան պիտի չյանդգնի հաշտուիլ իր պատմութեան հետ, ո՛չ ալ ինքնաքննադատութիւն պիտի կատարէ, ո՛չ ալ իր խիղճը հաշուետուութեան պիտի կանչէ:

Աֆրամ հաղորդագրութեան մէջ նկատել տուաւ, որ աշխարհի խորհրդարաններուն կողմէ ցեղասպանութիւններուն ճանաչումները, որոնցմէ վերջինը` Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, ապարդիւն դուրս պիտի գան, որովհետեւ պատմութիւնը մնայուն կերպով ինքզինք կը կրկնէ, այն աստիճան, որ ան պատկերասփիւռի կայաններէն ուղղակի կերպով կը սփռուի: «Մենք այսօր ուղիղ հեռարձակումով կը վկայենք սպանդներ, ոճիրներ, հնութիւններու, եկեղեցիներու ու վանքերու քանդում եւ սրբապղծում, գերեզմաններու պղծում, եւ այդ վայրագութիւնները կասեցնելու մասին ոչ ոք կը մտածէ, որովհետեւ աշխարհին հոգը այլ տեղ կը գտնուի», նշեց Աֆրամ:

Ան հաստատեց, որ Արեւելքը վերածուած է սպանդներու հրապարակի, անիկա դարձած է բաց դժոխք մը, ուր ամէնօրեայ դրութեամբ հարիւրաւորներ կը զոհուին:

Աֆրամ նկատել տուաւ, որ արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի եւ ոչ ոք կը յարգէ մարդ արարածը, որուն համար իսկական դրախտը կը նկատուի Արեւմուտքի մէջ ըլլալը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ասորի եկեղեցւոյ որոշումով` 15 յունիսը նշանակուեցաւ Սէյֆոյի յիշատակը նշելու պաշտօնական օր:

Քաղուած ''Ազդակ''էն








All the contents on this site are copyrighted ©.