2016-06-16 09:46:00

Երեւանի մԷջ առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ Սայաթ-Նովա փառատօնը


Երեւանի մէջ Յունիս 18-24 առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ Սայաթ-Նովա փառատօնը: Փառատօնի կազմակերպիչ Music of Armenia-էն Panorama.am-ին կը յայտնեն, որ փառատօնին նպատակն է պահպանել եւ խթանել Սայաթ-Նովայի ժառանգութիւնը եւ աշուղական մշակոյթը առհասարակ: Քանի մը օրերու ընթացքին Սայաթ-Նովա փառատօնը իր շուրջ կը միաւորէ բոլոր մակարդակներու եւ փորձառութեան երաժիշտներու` ի նուիրումն այս բացառիկ արժէքաւոր ժանրին:

Փառատօնի առաջին համերգը պիտի կայանայ Յունիս  18-ին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ: Ելոյթ պիտի ունենայ քամանչահար Յակոբ Խալաթեան, նաեւ Հանրապետութեան տարբեր դպրոցները ներկայացնող, հանրապետական  եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ, որոնք ազգային նուագարաններու վրայ (քամանչա, քանոն, թառ, ուտ, տուտուկ, շուի) կը կատարեն Սայաթ–Նովայի եւ այլ հայ աշուղներու ստեղծագործութիւններ: Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արտէմ Խաչատուրը (թառ)  եւ Մեսրոպ  Խալաթեանը (դափ ), աշուղական երգերու լաւագոյն կատարող երգիչ Մուշեղ Յարութիւնեանը: Առաջին անգամ պիտի հնչէ մեծանուն աշուղ Ջիւանիի նորայայտ «Շխալի» երգը, որ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ յայտնաբերած է Յակոբ Խալաթեան:

Յունիս 22-ին «Մեգերեան կարպետ» կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ երիտասարդ երաժիշտներու համերգ: Ելոյթ պիտի ունենան «Հաւասի» երիտասարդական համոյթը, «Տաղարան» անսամպլը, «Միք’ս Արթ Ֆոլք» քառեակը, Արաքսիա Ամիրխանեան եւ «Տօնիկա» եռեակը:

Յունիս 24-ին պիտի կայանայ «Նռան գոյնը» ֆիլﬕ թուային վերականգուած տարբերակի դիտում-քննարկումը: Երեկոյի բանախօսներն են երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան, երգչուհի, երգահան Լիլիթ Պիպոյեան եւ կինոքննադատ Րաֆֆի Մովսիսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.