Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս նշեց, որ Ֆրանսա իր ամբողջ ջանքը կը թափէ կանխարգիլելու համար ահաբեկչական յարձակումները, սակայն պիտի ենթարկուի այդպիսի յաւելեալ յարձակումներու:
Վալս «Ֆրանս Էնթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնն ու ոստիկանութիւնը 2013-ին 15 յարձակումներ կանխարգիլեցին եւ շարունակ կը պայքարին հետապնդելու այն անձերը, որոնք պիտի վերածուին ահաբեկիչներու:
«Մենք պէտք է ցանցը սեղմենք եւ ոստիկանութեան ու գաղտնի սպասարկութեան տրամադրենք այն բոլորը, որոնց պէտք ունին, սակայն ականատես պիտի դառնանք յաւելեալ յարձակումներու», ըսաւ Ֆրանսայի վարչապետը` աւելցնելով. «Յաւելեալ անմեղներու կեանքերը պիտի կորսուին»:
Պելճիքական «Լա Տեռնիեր Էօր» թերթը Պելճիքայի բոլոր իրաւապահ մարմիններուն ուղարկուած նամակէն բաժին մը հրապարակելով կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի գաղտնի սպասարկութիւնները զգուշացուցած են, որ Սուրիայէն Եւրոպա ուղարկուած են ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու խումբեր, որոնք յարձակումներ կը ծրագրեն Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի մէջ:
«ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ենթադրաբար Սուրիայէն մեկնած են մօտաւորապէս մէկուկէս շաբաթ առաջ, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Յունաստանի տարածքով առանց փաստաթուղթերու հասնին Եւրոպա: Այդ մարդիկ կրնան բաժնուիլ երկու խումբի. մէկը պիտի ուղղուի Պելճիքա, իսկ միւսը` Ֆրանսա` յարձակումներ կատարելու երկուքական մարդերէ բաղկացած ոչ մեծ խումբերով», ըսուած է գաղտնի սպասարկութիւններու նամակին մէջ` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունեցող հետախուզական տուեալներուն համաձայն, անոնք արդէն կրնան ստացած ըլլալ անհրաժեշտ զէնքը, եւ անոնց գործողութիւնները անխուսափելի պիտի ըլլան»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |