2016-06-15 13:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հոլլանտայի Վարչապետը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 15 յունիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց՝ թէ այսօր, չորեքշաբթի 15 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհած է Հոլլանտայի վարչապետ՝ տիար Մարք Ռութթեյին։ Ապա վարչապետը հանդիպում ունեցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին հետ, որուն ընկերացած է պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը։

Սիրալիր խօսակցութիւնը կատարուած է երկկողմանի բարի յարաբերութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Կեդրոնացումի նիւթ հանդիսացած են երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, ինչպէս գաղթականութեան հոլովոյթը եւ միջազգային բնոյթ ունեցող կարգ մը այլ հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.