2016-06-15 08:00:00

Պնետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը կը տօնախմբէ Քահանայական ձեռնադրութեան 65 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 28 Յունիսին, Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ  կազմակերպուած պաշտօնական արարողութեամբ պիտի նշուի Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ի Քահանայական ձեռնադրութեան 65 ամեակը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը  Քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած էր 24 տարեկանին, 29 յունիս 1951-ին, Գերմանիոյ Ֆրեյզինկի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Միւնիխ Ֆրեյզինկ թեմի երբեմնի առաջնորդ` կարդինալ Միքայել Վոն Ֆաուլհապերի ձեռամբ, այլ ուրիշ 40 նորօծ քահանաներու հետ միասին, որոնց շարքին էր նաեւ Պենետիկտոսի աւագ եղբայրը` 92 ամեայ Կէորկը որ ինք եւս պիտի մասնակցի վերոնշեալ տօնախմբութեան։

''Քահանայութիւնը պարզ պաշտօն մը չէ` այլ խորհուրդ մըն է. Աստուած կը գործածէ խեղճ մարդ մը որպէսզի անոր միջոցաւ ներկայ գտնուի մարդոց միջեւ ու գործէ անոնց համար'' հաստատած էր Վաստակաւոր Քահանայապետը, 11 Յունիս 2010-ին` Սուրբ Ճովաննի Մարիա Վիաննէյի մահուան 150-րդ տարեդարձին առթիւ նշուած Քահանաներու նուիրուած տարւոյն աւարտին մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ

89 ամեայ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր  Քահանայապետը հակառակ իր տարիքին կը շարունակէ ըլլալ լուսամիտ ու աղօթքով կը մասնակցի Եկեղեցւոյ կեանքի առաքելութեան։ 2011-ի` 29 Յունիսին տօնելով իր քահանայութեան 60 ամեակը` Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին  յայտարարած էր ''Երախտապարտ եմ Տիրոջ իր կոչին համար ու այն առաքելութեան համար որ ինծի ուզեց յանձնել''։








All the contents on this site are copyrighted ©.