2016-06-15 09:30:00

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հնարաւոր է հանդիպին յունիս 20-ին


Քրեմլինի մէջ կ’ակնկալեն, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կը քննարկեն ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը յաջորդ երկուշաբթի` Յունիս 20-­ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-­ը` վկայակոչելով «Ինթերֆաքսը», այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի օգնական Եուրի Ուշակովը:

«Յունիս 20­-ին կը ծրագրուի  Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումը` կապուած ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հետ»,­ ըսած է ան լրագրողներուն: Ուշակովի խօսքով` կ’ենթադրուի, որ Փութին սկիզբը առանձին հանդիպումներ կ’իրականացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ, որուն կը յաջորդեն համատեղ բանակցութիւնները: «Բնականաբար, մեր կողմէ աշխոյժ ջանքեր կը գործադրուին հակամարտութեան կարգաւորման առումով կողմերուն աջակցելու համար»,­ ըսած է ՌԴ նախագահի օգնականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.