2016-06-15 09:49:00

Հայաստան դարձած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր Ասամպլէայի փոխնախագահ


Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) փակ քուէարկութեան միջոցով Հայաստանը ընտրած է որպէս Գլխաւոր վեհաժողովի փոխնախագահ:

Հայաստանէն բացի, փոխնախագահ  դարձած են եւս 20 երկիր:

Հայաստան ընտրուած է Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն շարքէն: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի փոխնախագահ երկիրներու շարքին մէջ Արեւմտեան Եւրոպայէն ընտրուած են Պելճիքան եւ Գերմանիան: 21 փոխնախագահներուն մէջ  են նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական անդամները` Չինաստան, Ֆրանսա, Ռուսաստան, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ








All the contents on this site are copyrighted ©.