2016-06-15 13:59:00

Ժողովրդական եւ շրջիկ բեմադրութիւններու արուեստագէտներ կը նշեն Ողորմութեան Յոբելինական Տարին


(Ռատիօ Վատիկան) 15-էն 16 յունիս 2016-ին, Ողորմութեան Սուրբ տարուան ծիրէին ներս, ժողովրդական եւ շրջիկ բեմադրութիւններու արուեստագէտները կը նշեն Ողորմութեան Յոբելեանը՝ կազմակերպութեամբ Քահանայապետական Պանդուխտներու եւ Գաղթականներու Հովութեան Խորհուրդի կողմէ, համագործակցութեամբ իտալական եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Գաղթականներու Աջակցութեան Հիմնարկութեան եւ Իտալական Բեմադրութեան եւ Կրկէսի Ազգային Ընկերկացութեան։

Յոբելեանի նշման արարողութեան յայտագիրը սկիզբ կ՝առնէ չորեքշաբթի, 15 յունիսի յետմիջօրէին՝ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա ին Թրասթեվերէ եկեղեցւոյ մէջ, Քահանապետական Պանդուխտներու եւ Գաղթականներու Հովուական Խորհուրին նախագահ՝ կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոյի կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի զոհով, որմէ ետք եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ արուսետագէտները հանրութեան կը ներկայացնեն գեղարուեսական յայտագիր մը։

Յոբելեանի նշման երկրորդ օրը՝ հինգշաբթի, 16 յունիսի առաւօտեան, բոլոր մասնակիցները, Սուրբ Պետրոսի գլխաւոր պողոտային վրայէն, թափօրով կ՝ուղղուին դէպի Վատիկանի Սուրբ Պօղոս Զ. անուան դահլիճ, եւ հոն Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեան՝ հանդէս կու գան գեղարուեսական յայտագիրով։

Սրբազան Հօր շնորհած ունկնդրութենէն վերջ, բոլոր հաւատացեալները կ՝ուղղուին Սուրբ Պետրոսի Տաճար, անցք կը կատարեն Սուրբ Դուրէն, եւ տաճարին մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն “ողորմութեան” նուիրուած յատուկ արարողութիւններուն։

Հանդիսութիւնները վերջ կը գտնեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ՝ գեղարուեսական յայտագիրով մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.