2016-06-15 09:43:00

Արժանթին ապաստան կու տայ 3 հազար Սուրիացի փախստականներու


Արժանթինի նախագահի գրասենեակի տնօրէն Մարքուս Պինիան յայտարարած է, որ իր երկիրը պաստրաստ է ապաստան տալու 3 հազար սուրիացի փախստականի: Ankakh.com-ի փոխանցմամբ` կը հաղորդէ arabic.rt.com-ը:

Արժանթինական La Nacion պարբերականը մասնաւորապէս կը գրէ. «Արժանթինը կը հաստատէ Մերձաւոր Արեւելքի ճգնաժամէն տուժած 3 հազար փախստականներու ընդունելու մտադրութիւնը: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու նաեւ հակամարտութեան  քաղաքական կարգաւորման»:

Նախագահի գրասենեակի տնօրէնը այս յայտարարութեամբ հանդէս  եկած է Միացեալ Նահանգներ կատարած այցին ժամանակ, ուր հանդիպած է նախագահ Պարաք Օպամայի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Սիւզան Ռայսին: Մարքոս Պինան վստահեցուցած է ԱՄՆ նախագահի խորհրդականին, որ այս ծրագիրը հնարաւորինս շուտ պիտի գործարկուի եւ պիտի նպաստէ փախստականներու խնդրի մասնակի կարգաւորման: Հարաւային Ամերկայի այլ երկիրներ եւս(Ուրուկուէյ,Փարակուէյ) ապաստան տուած են տասնեակ հազարաւոր սուրիացի փախստականներու:

Յիշեցնենք, որ ծնունդով արժանթինցի Ֆրանչիսկոս պապը Յունաստան կատարած այցելութեան ժամանակ միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է անյապաղ արձագանքել փախստականներու խնդիրներուն` իրեն հետ Վատիկան տանելով սուրիացի 12 փախստականի:








All the contents on this site are copyrighted ©.