2016-06-14 09:18:00

Սիրոյ ուրախութիւնը առաքելական յորդորագիրի մասին համագումար Հռոմի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) 16-17 յունիս 2016-ին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ յետմիջօրէին ժամը 7.00-ին, տեղի կ՝ունենայ  թեմական համագումար,  որուն նիւթն է ''Սիրոյ ուրախութիւնը.  Հռոմի ընտանիքներու ուղեւորութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի Սիրոյ Ուրախութիւն առաքելական յորդորագիրին լոյսին ներքոյ''։

Համագումարին բացումը կը կատարէ Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին,  որմէ ետք տեղի կ՝ունենայ աղօթք,  հուսկ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ՛ուղղէ բոլոր ներկաներուն։

Ուրբաթ 17 յունիսին, թեմական համագումարին աշխատանքները կը շարունակուին Հռոմի թեմի 36 ժողովրդապետութիւններուն մէջ,  5 նիւթերու մասին կազմակերպուած ուսումնաժողովներով։

Թեմական համագումարէն բխած եզրակացութիւնները պիտի ներկայացուին յառաջիկայ 19 սեպտեմբեր 2016-ին, Հռոմի Սուրբ  Յովհաննէս Լատերանեան տաճարին մէջ,  որուն ընթացքին կարդինալ Վալլինիի կը ներկայացնէ տեղեկագիրը  եւ Թեմին հովուական ուղեգիծերը։

Այս առթիւ քրիստոնէականի դասատուներուն պիտի շնորհուի նաեւ  քրիստոնէականի դասաւանդումի պաշտօնական հրաման։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.