2016-06-14 11:05:00

Գերապայծառ Ասատուրեանի խօսքը Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի՝ ընդունելութիւն–հաւաքի առիթով


Լիբանանի Հայոց թեմին Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ,  երկուշաբթի, 13 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք` Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի:

Ներկայ էին դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, նախկին եւ ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական առաջին կարգի պաշտօնեաներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հոգեւոր պետեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Այս առթիւ զրուցողներուն շարքին խօսք առաւ նաեւ Կաթողիկէ Հայոց Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս  արհիապատիւ Գէորգ Եպս Ասատուրեան:

Ստորեւ ամբողջութեամբ  կը ներկայացնենք Գերպայծառ Հօր արտասանած ճառը

 

՝՝Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016-ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ)  գրեթէ միաձայնութեամբ (մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ) եւ ձեռամբարձ քուէարկութեամբ վաւերացուց  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որուն խորագիրն է «1915 թուականին Հայերու եւ քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին»։

Եղելութիւնը ոչ միայն տեղական, հայկական կամ արծարծուած խնդրին հետ քիչ թէ շատ  առընչուած  երկիրներու, այլ միջազգային մեծազդեցիկ լրատուամիջոցներուն ուշադրութեան կիզակէտին մէջ գտնուեցաւ եւ վստահաբար դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակէ միջազգային օրակարգի առաջատար հորիզոնականները գրաւել,

որովհետեւ՝

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին հերթական մէկ փուլը չէ ան, այլ այդ հոլովոյթը լրումին հասցնելու միտող քայլ մը, եթէ նոյնիսկ որոշ պետական շահերէ թելադրուած ըլլայ։

Եղելութիւնը՝ Պունտեսթակին կողմէ առնուած պատմականօրէն նշանակալից քայլ մըն է  ո՛չ միայն Գերմանիոյ ու գերմանացի ժողովուրդին եւ Հայութեան ու Հայաստանին համար, այլ  ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին համար, ինչպէս  իրաւամբ կ՛ըսէ նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Քուէարկուած բանաձեւին բովանդակութիւնը կը հաստատէ Թուրքիոյ ժխտողական անհիմն փաստարկութիւններուն անհեթեթութիւնը։ Ան ժխտումն է թրքական ժխտողականութեան։

 Հակառակ  Թուրքիոյ հետ իրենց երկրին քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրական եւ զինուորական կապերը վտանգուած տեսնելու Անգարայի պաշտօնական շանթաժներուն, ինչպէս  նաեւ Պունտեսթակի անդամներուն եւ մասնաւորաբար թրքական արմատներ ունեցող անդամներուն անձնապէս ուղղուած սպառնալիքներուն, ապա նաեւ հակառակ  անոր որ  Գերմանիոյ սահմաններէն ներս գոյութիւն ունի բազմամիլիոննոց  թրքական համայնք մը յարաբերաբար համեստ հայկական համայնքի մը դիմաց, Պունտեսթակի անդամներուն յանդուգն դիրքորոշումը  ցոյց կու տայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հակամէտութիւն ցոյց տուող պետութիւններուն ուղղուած թրքական սպառնալից շանթաժի քաղաքականութեան անզօրութիւնը։ 

 Բանաձեւը որդեգրող պետութիւնը օսմանեան կայսրութեան ամէնէն մտերիմ դաշնակիցը ըլլալով՝  ամէնէն աւելի իրազեկ վկան  է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ անոր արհաւրալից  բոլոր փուլերուն, եւ  -  ինչ որ բանաձեւի ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկն է - կը խոստովանի մեղքի իր բաժինը ունենալը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ, նկատելով որ ջարդարարին  ձեռքը բռնելու կարողութիւնը ունեցող միակ տէրութիւնը ըլլալով հանդերձ՝ ան աչք փակեց կատարուածին դիմաց։

Գերմանիա ցոյց կու տայ իր պատմութեան հետ առերեսուելու քաղակական կամքը։

Պունտեսթակին առած քայլը կը զուգադիպի այնպիսի  պահու մը երբ Գերմանիա Թուրքիայէն կ’ակնկալէ արգելակել Միջին Արեւելքէն փախչող գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքը, մինչ Էրտողան անընդհատ կը սպառնայ այդ հոսքը արգելակող թումբերուն  անցքերը բանալ եթէ Եւրոպան իր դռները չբանայ թուրքերուն ու Թուրքիոյ առջեւ…։

Գերմանիա յայտնապէս գերադասեց  մարդկայնականութեան արժէքներն ու պահանջները, այնպէս ինչպէս քաղաքակիրթ աշխարհէն կը պահանջէր ընել  Ֆրանչիսկոս Պապը 12 ապրիլ 2015-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ըսելով որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին լուռ մնալը մեղսակցութիւն է ոճիրին։ Գերմանիա ուզեց թօթափել մեղսակցութեան մեղադրանքը։  Խզեց լռութիւնը  հակառակ իր դաշնակցի ճնշումներուն՝ մեղսակից չդառնալու համար ժխտողականութեան։ Հիմա  Գերմանիոյ Դաշնութեան նախագահը,  Եոահիմ Կաուք, Պունտեսթակի նախագահը՝  Նորպերթ Լամերթ, վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ գերմանացի պետական այրերը կրնան ամենայն համարձակութեամբ ներկայանալ Վատիկան, բախել անոր դռները եւ հանգիստ նայիլ Ֆրանչիսկոսի աչքերուն։

Գերմանիոյ օրինակը վստահաբար անտարբեր պիտի չձգէ եւրոպական միւս երկիրները՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.