2016-06-13 14:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապի գրաւոր պատգամը ՄԱԿ-ի ՊՀԾ աշխատակազմի անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 13 յունիսին. Հռոմի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի կեդրոնի այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ կեդրոնի աշխատակազմի անդամներուն  հետ ու անոնց յանձնեց գրաւոր  պատգամ մը ապա սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  Դրուատեց կեդրոնի աշխատաւորներուն  աշխատանքը, որ կը կատարուի աննշան կերպով, առանց երեւնալու։ Աշխատանքը, որ կը տարուի վարագոյրներու ետին, չի տեսնուիր, սակայն կարելի կը դարձնէ որ ամէն ինչ յառաջ ընթանայ։ Սրբազան Պապը այդ աշխատանքը նմանցուց շէնքի մը հիմերուն ըսելով - Ինչպէս շէնք մը չի կրնար առանց հիմերուն կանգուն մնալ, այնպէս ալ ձեր կազմակերպութիւնը չի կրնար յառաջ ընթանալ առանց ձեր ջանքերուն, որ կը կազմէ գործին հիմը։ Շատ մը ծրագիրներ կարելի է ի գործ դնել՝ անօթութեան դէմ պայքարելու նպատակով։  Շատ մը քաջարի մարդիկ կը կատարեն այս գործերը։ Սակայն այս բոլորը կ՝իրականանայ շնորհիւ ձեզի, որ ձեր կազմակերպութեան ձեռքերն ու ոտքերն էք, որոնք կարելի կը դարձնեն գործին յաջող ելքը։

Իսկ գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան հայրը յայտնելով իր խնդակցութիւնը  կեդրոնի աշխատաւորներուն՝  ողջունեց   աշխարհի զանազան գրասենեակներու մէջ գործող ՄԱԿ-ի ծրագրի այլ անդամները ու գնահատեց   ՄԱԿ-ի պարէնական ծրագրի դժուարին աշխատանքները, կարեւոր նկատելով   աշխատաւորներու մնայուն  կազմաւորումը  , կարեկցութեան հասկացողութիւնը,  որոնք իմաստ կու տան եւ  աղբիւր կը հանդիսանան  յոյսի  եւ ուժականութեան ։ 

Սրբազան հայրը,  յանձնարարեց    անսալ աղքատներուն աղերսանքին,  ընդգծելով՝   թէ  սովը հսկայ սպառնալիք մըն է  խաղաղ համակեցութեան ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց   զանոնք  դիմագրաւելու եւ շտապ լուծումներ գտնելու անօթութեան  հարցերուն,   հրամայական նկատելով մարդկային,  ընկերային, տնտեսական եւ թեքնիք զարգացումը ՝ երաշխաւորելու համար իւրաքանչիւր անձին, հասարակութեան կամ ժողովուրդին ՝ յատուկ պահանջները։

Ֆրանչիսկսո Պապ նիւթական օժանդակութենէն անդին,  անհրաժեշտ նկատեց   նաեւ  բարոյական յանձնառութիւնը , որ թոյլ կու տայ պատասխանատուութեամբ նայելու մեր  մօտ գտնուող անհատին։

Աշխարհի անթիւ մարտահրաւէրներուն դիմաց Սրբազան Հայրը քաջալերեց   չի յուսալքուիլ  եւ մէկը միւսին օգնել՝  չ՝ենթարկուելու համար անտարբերութեան  եւ յուսահատութեան փորձութեան ան ապա հաստատեց  նաեւ , թէ ՄԱԿ-ի Պարէնի աշխատաւորներու  առօրեայի մէջ կատարուած   աշխատանքները կը նպաստէ  աշխարհը  կերպարանափոխելու  ու անոր տալու մարդկային դիմագիծ ։

''Այնքանով որ մեծ է ձեր վեհանձնութիւնը,  քաջութիւնը  ու հաւատքը,  այնքանով  բազմակողմանի  համագործակցութիւնը պիտի կարենայ համապատասխան լուծումներ գտնել շատ մը  մտահոգութիւններուն. Յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամի աւարտին նշելով թէ այս մէկը  պիտի բանայ յոյսի նոր ուղիներ՝ մարդկային արդար զարգացումին, զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ այն պայքարին զոր ետ կը  մղէ  անարդար եւ անհաւասարկշիռ տնտեսականութիւնը'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.