2016-06-13 09:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագրի կեդրոնատեղիին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 13 յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը՝ հանդիսացաւ առաջին քահանայապետը որ այցելեց Հռոմի մէջ գտնուող ՄԱԿ-պարէնի համաշխարհային ծրագրի կեդրոնատեղին։ Սոյն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ կայուն զարգացման հիմնական նպատակներու առնչուող աշխատանքներու հաւաքին։

 Նշենք թէ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը, առաջին անգամուայ համար պարէնական օժանդակութիւն փոխանցած է Դամասկոսի Տարայյա շրջանին՝ 2012-ին, համագործակցութեամբ Արաբ-Սուրիական կիսալուսին մարդասիրական կազմակերպութեան։

ՄՊՀԾ, Սուրիոյ մէջ բաշխած է մէկ ամսուայ բաւարար սննդամթերք՝ 2400 անձերու, եւ մէկ ամսուայ համար ալիւր՝ 4000 անձերու։

Անցեալ հինգշաբթի օր՝ Դամասկոս Տարայյա շրջան հասած են 9 փոխադրակառքեր որոնք բեռցուցած էին նաեւ առողջապահական առարկաներ եւ դեղորայք։

ՄՊՀԾ յայտագիրին մէջ նախատեսուած է պարէնական օժանդակութիւն հասցնել Սուրիոյ այլ 19 շրջաններու։

Միայն յունիս ամսուայ առաջին օրերուն, ՄԱԿ-ի համաշխարհային Պարէնի ծրագիրը պարէնական օգնութեամբ սատարած է աւելի քան 1.4 միլիոն անհատներու։

Անոնք խնամք տարած են նաեւ Սուրիոյ հարեւան երկիրներուն՝ Յորդանանի, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ ապաստան գտած 1.5 միլիոն սուրիացի։








All the contents on this site are copyrighted ©.