2016-06-13 15:08:00

''Կան մարդիկ որ անօթի են'' գրեց Սրբազան Հայրը ՄՊՀԾ ոսկեմատեանին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ՄԱկ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի կեդրոնատեղիին  տուած այցելութեան ծիրէն ներս, ստորագրելով կեդրոնատեղիի կարեւոր հիւրերու վերապահուած ոսկեմատեանը գրեց։

''Կան մարդիկ որ անօթի են։ Կան մանուկներ որոնք անօթի են եւ չեն կրնար զարգացնել իրենց ներուժը։ Շտապ օգնութիւններ եւ զարգացում. երկու քայլեր յառաջ երթալու համար։ Սրտանց շնորհակալութիւն ամէն բանի որ կը կատարէք։ Եղբայրական երախտագիտութեամբ եւ սիրով''։

Ֆրանչիսկոս








All the contents on this site are copyrighted ©.