2016-06-11 13:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց անկարներու համագումարի մասնակցողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, Յունիս 11ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն տուաւ անկարներու նուիրուած համագումարի մասնակիցներուն։

Իտալիոյ Քրիստոնէականի Ուսուցման Ազգային գրասենեակի այն բաժանմունքը, որ կը զբաղի անկար անձերու քրիստոնէականի ուսուցմամբ, այս տարի կը բոլորէ հիմնադրութեան 25-ամեակը։ Անոնց նպատակն է անկար անձեր ամբողջութեամբ ներգրաւել ժողովրդապետութիւններու, միութիւններու եւ եկեղեցական շարժումներու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց համագումարի անդամները եւ նշեց, թէ կարեւոր է ունենալ անկար անձերու հաւատքի դաստիարակութիւն ընդունելու ատակութեան գիտակցութիւնը, եւ ապա կամքը՝ անկար անձը նկատելու իբր գործունեայ ենթակայ այն հասարակութեան, որուն մէջ ան կ’ապրի։

Անկարները ոչ միայն ատակ են ապրելու հոգեւոր իւրայատուկ խորք, այլ եւ կարող են ըլլալու Քրիստոսի վկաները։ Ասոր համար պէտք է յաւելեալ ճանաչում շնորհել անոնց քարոզչական առաքելութիւն կատարելու կարողութիւններուն։ Անկար անձերու տկարութեան մէջ թաքնուած են գանձեր, որոնք կարող են նորոգել մեր քրիստոնէական համայնքները։

Աստուծոյ շնորհքով՝ Եկեղեցին այսօր զանազան կերպերով մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ անկարներուն եւ կ’օգնէ անոնց, ըսաւ Սրբազան Պապը եւ անհրաժեշտ նկատեց ընտանիքներու մասնակցութիւնը՝ անկար անձերու ներգրաւման աշխատանքի մէջ՝ եկեղեցական կեանքէն ներս։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ անկար անձերու մասնակցութեան՝ խորհուրդներու ընդունման եւ ծիսական արարողութիւններու կազմակերպման եւ գործադրման մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.