2016-06-11 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ հիւանդներուն Յոբելեանի նշման եզրափակիչ սուրբ պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 12 Յունիս 2016-ի առաւօտեան, հիւանդներուն եւ անկարներուն յոբելենականն նշումին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան 10,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին կը հանդիսապետէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ողորմութեան Յոբելեանին առթիւ Հռոմ ժամանած բազմահազար հիւանդներ եւ անկարներ։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանուած ծիսական ընթերցանութիւնները պիտի կատարեն անկար երիտասարդներ, մինչ սպասաւորներու շարքին կայ նաեւ գերմանացի խուլ սարկաւագ մը։ Հուսկ առաջին անգամուան համար տեղի պիտի ունենայ անկար մանուկներու կողմէ Աւետարանի ընթերցման թատերական ներկայացում։

Նշենք թէ սրբազան արարողութենէն առաջ` առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենան վկայութիւններու ներկայացում իսկ յետմիջօրէին հիւանդները, անկարներն ու անոնց ընկերացողները առիթը պիտի ունենան իրենց ուխտագնացութիւնը շարունակելու եւ մուտք գործելու Յոբելենական Սուրբ Դռնէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.