2016-06-11 09:07:00

Օրթոտոքս եկեղեցին Հալէպի մէջ օգնութեան կը հասնի մահմետական աղքատ ընտանիքներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ռամատանի պահքի եւ աղօթքի շրջանի սկիզբէն ի վեր, Հալէպի  Օրթոտքոքս Ասորիներու թեմը  ամէն օր սննդամթերք կը բաշխէ  Սուլէմանիէ թաղամսի մէջ ապրող եւ դժուար կացութեան մէջ  գտնուող մահմետական ընտանիքներուն։

Պարենի օժանդակութեան բաշխումի կեդրոնատեղին կը գտնուի Ասրորի Օրտոքսներու Արքեպիսկոպոսարանի մէջ։ 

Այս առնչութեամբ , Ասորիներու Օրթոտոք  թեմի յղած մէկ պատգամներուն մէջ  նշուած է,   թէ նման ձեռնակները  պարզ ժեսթ մըն են արտայայտելու համար զանազան կրօններու պատկանող քաղաքացիներու միջեւ  զօրակցութեան զգացումները։ Թեմական կառոյցը ապա  մաղթանք յայտնած է , որ ժամանակի ընթացքին նման ձեռնակները նպաստեն   զանազան ցեղերու եւ կրօններու պատկանող հասարակութիւններու  միջեւ համակեցութեան վերականգման , այնպէս ինչպէս էր  Սուրիոյ ընկերային կացութիւնը պատերազմէն առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.