2016-06-11 15:15:00

Կիրակի 12 Յունիս 2016 Դ. Կիրակի Հոգեգալստեան


Յովնանի ապրած փորձառութիւնը մեզի առասպելական պատմութիւն մը կը թուի. Ո՞վ կրնայ ապրիլ կէտ ձուկի մը փորին մէջ 3 օր եւ 3 գիշեր. Պարզապէս անկարելի բան մըն է մարդկային տեսակէտէն։ Եւ սակայն Սուրբ Գիրքը կը վկայէ անոր մասին, ուստի գէթ հաւատքի աչքերով պիտի դիտենք այս դէպքը եւ ընդունինք որ Աստուած կրնայ գործել այսպիսի հրաշք մը։

Սակայն ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է. 3 օր ողջ մնալ կէտ ձուկի մը փորին մէջ թէ մեռնելէ եւ թաղուելէ ետք` 3 օրէն ողջ դուրս գալ գերեզմանէն։ Անշուշտ այս վերջինը շատ աւելի մեծ ու զգայացունց հրաշք մըն է քան առաջինը. Յիսուս կը մէջբերէ Յովնան մարգարէի դէպքը, որպէս նշան մը իր պանծալի յարութեան. Եթէ կը հաւատաք Յովնանի հրաշքին, որովհետեւ Սուրբ Գիրքը զայն կ՛աւանդէ, պէտք է հաւատաք նաեւ Մարդու Որդիին հրաշքին որ այսպէսով կը փաստէ թէ ինք իսկապէս Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է եւ թէ կը վերադառնայ դէպի իր Հայրը նոյն փառքով եւ զօրութեամբ։

Աշակերտները Քրիստոսի մահուընէն ու յարութենէն ետք է որ յիշեցին այս խօսքերը եւ գրի առին Սուրբ Աւետարանին մէջ, հաստատելու համար հաւատքը բոլոր անոնց որոնք պիտի հաւատային առանց տեսած ըլլալու Քրիստոսը։

Նինուէի բնակիչները որոնց համար Աստուած խնդրած էր Յովնանի քարոզութիւնը հեթանոսներ էին. Այնքան ինքնահաւան էին որ իրենք զիրենք կը կարծէին աշխարհի տէրերը, ուստի եւ սանձարձակօրէն գոհացում կու տային իրենց բոլոր կիրքերուն։ Իսկապէս ալ այդ շրջանին Նինուէ աշխարհի ամենամեծ եւ ամենահզօր քաղաքն էր. Կարելի է նմանցնել այսօրուայ Նիւ-Եորքին կամ Մոսկուային, կամ որեւէ ուրիշ մեծ ու հզօր քաղաքի։

Եւ սակայն Նինուէացիները հաւատացին այս փոքր ու աննշան հրէայ մարգարէին քարոզութեան ու դարձի եկան. Հաւանաբար անոնք լուրը առին արկածեալ նաւաս-տիներէն թէ ինչպէս Յովնանի Աստուածը կատարած էր ցնցիչ հրաշք մը հանդար-տեցնելով փոթորկոտ ծովը եւ մանաւանդ երբ` Յովնանը ծով նետելէ ետք, զինք ողջ  առողջ գտած էին եւ պատրաստ Աստուծոյ հրամանը կատարելու։

Մինչ Իսրայէլ կը հալածէր իր իսկ մարգարէները, օտարները կ՛ընդունէին երկիւղածութեամբ անոնց խօսքը ու մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէին անոնց կատարած մարգարէութիւններուն։ Յիսուս եւս պիտի մերժուէր իր ժողովուրդէն, որ զինք խաչ պիտի հանէր, բայց օտարները պիտի ընդունէին իր քարոզած սիրոյ ու ապաշ-խարութեան պատգամը։

Վերջին օրինակ մը եւս կու տայ Յիսուս, ներշնչուելով հին կտակարանէն. Սապայի թագուհին է, որ կ՛ապրի այդ շրջանի ամենէն երջանիկ ու հարուստ երկրին մէջ. Բայց կը թողու ամէն ինչ, ի սէր աւելի մեծ արժէքի մը` Իմաստութեան։ Կ՛իմանայ թէ հրէաներու թագաւորը` Սողոմոն նշանաւոր է իր իմաստութեամբ. Ուստի կը թողու իր երկիրը, յանձն կ՛առնէ դժուարին ճամբորդութիւն մը անապատի ընդմէջէն որպէսզի գայ իմաս-տուն թագաւորին ոտքը, լսելու անոր խրատներն ու յորդորները։

Քրիստոսի քարոզութիւնը աւելի բարձր է քան մարդկային իմաստութիւնը. Սակայն զայն հասկնալու համար հարկ է ունենալ խոնարհ սիրտ մը, պատրաստ ընդունելու իբրեւ ճշմարիտ ամէն ինչ որ կ՛ըսուի Տիրոջ անունով. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.