2016-06-11 08:32:00

Կարդինալ Տուքայի կոչը ի սպաս Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչումին։


Չեխիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ Փրակի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոմինիք Տուքա հանդէս եկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչով, որն ուղարկած է Հայաստանի եւ Չեխիոյ  նախագահներուն: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով «Օրեր» եւրոպական ամսագիրին:

Քարտինալ Տոմինիք Տուքան Հայաստանի եւ Չեխիոյ նախագահներուն ուղղուած իր նամակին մէջ կոչ կ’ընէ, որպէսզի Չեխիոյ հանրապետութիւնը նոյնպէս Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան մասին որոշում կայացնէ:

Իր նամակին մէջ ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանին, որ քրիստոնէական հիասքանչ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն իրեն հեռախօսով ողջիւններ փոխանցած են:

ՙՙԴեռեւս անցեալ տարուան Նոյեմբերին Հայաստան կատարած իմ այցէն յիշողութեանս մէջ վառ մնացած են  հայ ժողովուրդի խորը հաւատքն ու հիւրընկալութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ձերդ գերազանցութեան եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հրաւէրով:

Մեր պարոն նախագահին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ  1915 թուականին հայ ժողովուրդի  ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ իր արտայայտած կարծիքին համար: Անցեալ տարի ինքս ծաղկեպսակ զետեղեցի այդ յուշարձանին Նորին սրբութեան եւ իմ հայ ընկերներու  ուղեկցութեամբ: Նմանապէս այդ ցաւալի իրադարձութիւնները յիշատակեցինք Փրակի Սուրբ Վիթի, Վացլաւի եւ Վոյտեխի տաճարին մէջ իրականացուած պատարագի ընթացքին: Շնորհակալ եմ  նախագահ Միլոշ Զեմանին իր տեսակէտին եւ մտադրութեան համար, որ Չեխիոյ հանրապետութիւնը, որ հայ ժողովուրդի 100-ամեայ յիշողութեան մասին վէպ   նուիրած է , ինչպիսին է  Ֆրանց Վերֆելի Մուսա լերան 40 օրը վէպը, որպէսզի 101 տարի անց Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր վերաբերմունքը յայտնէ:

Ցաւի եւ տառապանքի, խորը հաւատքի, աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկուն եւ առաջին քրիստոնէական պետութեան նուիրուածութենէն, կ’աճի նաեւ կրօնական ազատութեան ծառը, փոխադարձ յարգանքն ու եղբայրութիւնը: Տեղին են Յիսուսի խօսքերը. ՚՚Ճշմարտութիւնը կ’ազատէ Ձեզ՚՚:

Ողջոյնով եւ շնորհակալութեամբ`

Տոմինիք Կարդինալ Տուքա, Փրակի արքեպիսկոպոս եւ Չեխիոյ առաջնորդ

Քաղուած ''Եռագոյնէն''








All the contents on this site are copyrighted ©.