2016-06-11 09:29:00

Իտալացի ծառայասէր վարդապետ հայր Ժագոմօ Ապպոնտօ երանելիներուն շարքին կը դասուի։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 11 յունիսին, Իտալիոյ հիւսիսը  գտնուող Վերչելլի քաղաքին մէջ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի  ընթացքին երանելի կը հռչակէ Աստուծոյ ծառայ Հայր Ժագոմօ Ապպոնտօն,  որ  իր ժողովրդապետութեան  հաւատացեալներու կողմէ նկատուած էր  Աստուծոյ սիրահարուած գիւղացի քահանայ եւ իր ամբողջ քահանայական կեանքը նուիրած էր իր հօտի (հաւատացեալներուն) ծառայութեամբ։

Ան քահանայ ձեռնադրուած է 21 մարտ 1744-ին։ Որպէս գրականութեան մասնագէտ դասաւանդած է Վերչիլլի համալսարանին մէջ։

 Քահանայական կեանքին ընթացքին Հայր Ժաքոմօ պաշտօնավարած է Սուրբ Միքայէլ անուան ժողովրդապետութեան  մէջ ապա իր ծննդավայրին մէջ 4 յուլիս 1757-էն սկսեալ։

Ան միշտ բացայայտած է Աստուծոյ բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը  ինչպէս նաեւ զԱստուած ճանչնալու ու Անոր հանդիպելու կարելիութիւնը` Սուրբ Հաղորդութեան եւ   Սուրբ Գիրքի խօսքերուն ընդմէջէն։

Ձմրան ցուրտ օրերուն, հայր Ժաքոմօ իր շուրջ կը հաւաքէր գիւղին հաւատացեալներն ու մանուկները անոնց կը  դասաւանդէր  քրիստոնէական վարդապետութիւնը։

Հայր Ապպոնտօ հերթափառ կ՝այցելէր իր հաւատացեալները նոյնիսկ անոնք որոնք կը բնակէին գիղին արուարձաններուն մէջ։ Յատուկ ուշադրութեամբ խնամք կը տանէր իր ժողրդրապետութեան 13 եկեղեցիներուն  վերանորոգման  աշխատանքներուն։

Հայր Ապպոնտօ հոգին աւանդեց   9 փետրուար 1788-ին,  իր ժողովուրդին մէջ ձգելով  անջնջելի յիշատակ։ Անոր մարմինը 1922 թուականէն սկսեալ կը հանգչի Թրոնզանօ Քաղաքի ժողովրդապետութեան մատրան մէջ։ Հայր Ապոնտոյի յիշատակին համար իր  ծննդավայրի իշխանութիւնները իր անունին նուիրած են փողոց ու դպրոց մը ։

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.