2016-06-11 08:17:00

''R.O.A.C.O.''-ի 89րդ հաւաքը13 -16 Յունիս 2016-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 13- 16 Յունիս 2016-ին, ինչպէս ամէն տարի, պիտի գումարուի ''R.O.A.C.O.'' Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 89-րդ հաւաքը, նախագահութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի։ Սոյն լուրի մասին տեղեկացուցած է Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովը։

Հաւաքին ընթացքին պիտի քննարկուին Միջին Արեւելքի, Ուկրանիոյ եւ Սուրբ Երկրի կաթողիկէ եկեղեցիներու կացութիւնը ինչպէս նաեւ Արեւելեան  Հնդկաստանի սփիւռքի կացութիւնը ու այս առընչութեամբ բարեսիրական հաստատութիւններու յանձնառումը։

Հաւաքին մէկ մասը պիտի յատկացուի նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն կազմաւորումին։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միջին Արեւելքի Եւ Ուկրանիոյ առաքելական նուիրակները ինչպէս նաեւ Վատիկանեան հաստատութիւններու պատասխանատուները։

Հաւաքին կը մասնակցին նաեւ Հնդկաստանի եւ Սուրբ Երկրէն ժամանած եպիսկոպոսներ։ Հաւաքի աւարտին` 16 յունիսին, ժողովականները հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ. 








All the contents on this site are copyrighted ©.