2016-06-10 09:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Ուկրանիոյ ի սպաս ֆինանսական ներդրումները բաժնելու կոմիտէ մը նշանակեց։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը`  անցեալ 24 ապրիլ 2016-ին Ուկրանիոյ պատերազմէն տառապող բնակչութեան ի սպաս կազմակերպուած դրամահաւաքէն հաւաքուած գումարը բաժնելու համար որոշեց ստեղծել տեղական կոմիտէ մը որուն նախագահ կարգեց Խարքիւ – Զափորիժա թեմին օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Եան Սոպիլօ։

Սոյն որոշումը կը զուգադիպի Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին 15 - 20 Յունիս Ուկրանիա  կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ  գրասենեակի տնօրէն` հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի այս առընչութեամբ լրագրողներուն  յայտնած է թէ հաւաքուած գումարը պիտի բաշխուի անխտիր բոլոր դաւանանքներու եւ ցեղերու պատկան անհատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.