2016-06-10 11:43:00

Քրիստոնեայի կեանքին յատկանիշները ''Կանգուն, համբերատար լռութիւն եւ դէպի դուրս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնէական կեանքը կարելի է բնորոշել երեք կեցուածքներու մէջ՝ “կանգուն”՝ ընդունելու զԱստուած, համբերատար “լռութեամբ”՝ լսելու համար Անոր ձայնը եւ “մեկնումի - դէպի դուրս” վիճակով՝ ուրիշներուն աւետարանելու նպատակով։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը։

Հին Կտակարանի մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս Աստուած Եղիա Մարգարէին կը յայտնուի, եւ թէ ի´նչ կեցուածքով մարգարէն կ՛ընդունի զԱստուած (Ա. Թագ ԺԹ. 9-16) ըսաւ Քահանայապետը եւ Աստուածաշնչական սոյն ընթերցումի խորհուրդը մեկնաբանելով,  նկարագրեց դարձի եկած մեղաւորի մը “վախի” եւ “ընկճուածութեան” կեցուածքը, նմանեցնելով այդ փապուղիի մը յամենալու վիճակին։ Եղիա Մարգարէն պայքարած էր հաւատքի համար եւ յաղթական դուրս եկած էր քուրմերուն դէմ։ Քանիցս թիրախ դարձած էր հալածանքի եւ վերջապէս խորտակուած՝ յուսահատ վիճակով կը սպասէր մահուան։ Սակայն Աստուած թոյլ չի տար որ մահանայ։ Անոր կ’ուղարկէ իր հրեշտակը հրամայականով մը – ել, կեր, եւ դուրս եկուր։

Սրբազան Պապը յարեց՝ “Որպէսզի մարդ արարածը կարենայ Աստուծոյ հանդիպիլ, պէտք է դառնայ արարչութեան րոպէին՝ կանգուն եւ ճանապարհի վրայ։ Աստուած մեզ այդպէս ստեղծեց՝ իր բարձրութեան վրայ, իր պատկերին նմանութեամբ։ Աստուած կ’ ըսէ մարդուն՝ “Գացէք եւ մշակեցէք երկիրը, բազմացէք եւ աճեցէք։” Նոյնն է կոչը Եղիա Մարգարէին՝ “Ել, բարձրացիր լեռ, իմ ներկայութեանս մէջ։”

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց, թէ Աստուած ինչպէս կ՛անցնէր Մարգարէին մօտէն՝ ոչ իբր երկրաշարժ կամ աղմկալի զօրութիւն մը, ոչ հուրի եւ փոթորիկի նման, այլ լռութեան, խաղաղութեան եւ հանդարտութեան մէջ։ Ահա  ա´յնտեղ, լռութեան մէջ, Մարգարէն կը լսէ Աստուծոյ ձայնը։

Ապա հրեշտակին  կոչը, ուղղուած Մարգարէին՝ “Դուրս ել”։ Այս է կոչը դուրս գալու եւ աւետարանելու, մարդոց յայտնելու բարի լուրը, աստուածային պատգամները` այսինքն մեկնիլ դէպի առաքելութեան վայրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց հաստատելով թէ Տիրոջ հանդիպելու համար հարկաւոր է մնալ միշտ կանգուն, ապա սրտբաց սրտով սպասել որ Ան խօսի մեզի ու մեզի ըսէ ''Ես եմ'' այնպէս որ մեր հաւատքը զօրանայ։ Հաւատքը որ մեզի չէ վերապահուած այլ տրամադրուած է զայն տանելու ուրիշներուն­, յատկացուած առաքելութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.