2016-06-09 12:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը սպանախօս բժիշկներու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Սրբազան Պապը ուրախութիւն յայտնեց Սպանիոյ եւ լատինամերիկեան բժիշկներու միութիւններու անդամներուն, որոնք ներկայ էին ունկնդրութեան։ Ան ըսաւ, թէ Ողորմածութեան խորհուրդի նուիրուած յոբելինական այս տարին դիպուկ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու առողջապահութեան մարզէն ներս գործողներու նուիրուածութեան, որոնք իրենց մասնագիտական ծառայութիւնը կը մատուցանեն ախտաւորներուն՝ ինքնին վերածուելով ողորմածութեան մարմնացումի։ Բժիշկներու ինքնութիւնը եւ նուիրուածութիւնը միայն մասնագիտական գիտելիքի վրայ չէ հիմնուած, այլ յատկապէս անոնց կարեկցող եւ գթասիրտ վերաբերմունքին վրայ, զոր կը ցուցաբերեն անոնց՝ որոնք կը տառապին մարմնապէս եւ հոգեպէս։ Կարեկցութիւնը բժշկութեան բոլոր մարզերուն էական մասն է. կարեկցութիւնը չի կայանար պարզապէս ցաւը նկատելու մէջ, այլ կը նշանակէ ըլլալ ցաւակից եւ տառապակից։ Սրբազան Պապը զգուշացուց ներկայի եսակենդրոն եւ մեքենայացած երեւոյթներէն՝ միշտ շեշտելով կարեկցութեան անհրաժեշտութեան վրայ եւ մատնանշելով կարեկցութեան տարողութեան, որ իր մէջ կը բովանդակէ շատ աւելին, քան լոկ մասնագիտական բուժում կատարել։ Առողջութիւնը պարգեւ մըն է, շեշտեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, նշելով Սուրբ Գրքի մէջ բազմիցս յիշուած առողջութեան եւ փրկութեան առընչութեան։ Ասոր համար է, որ նաեւ Եկեղեցւոյ Հայրերը Յիսուսը կը նկատեն իբր բժիշկ, որ կը շնորհէ առողջութիւն եւ փրկութիւն։ Յիսուս բժիշկ է, փրկիչ. Ան բարի հովիւն է, բարի սամարացին։ Քրիստոնէական բժշկութեան աւանդութիւնը՝ Բարի Սամարացին միշտ ունեցած է իբր օրինակ։ Վերջապէս, Սրբազան Հայրը յիշեցուց Յիսուսի խօսքը «այն ինչ որ ըրիք իմ եղբայրներուս՝ ինծի ըրիք» (Մտթ ԻԵ. 40) Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց հիւանդի արժէքին եւ արժանապատուութեան վրայ։ Հիւանդը կարիքն ունի եւ արժանի է ընդունելու յարգանք, հասկացողութիւն, փափկանկատութիւն։ Հիւանդին կեանքը սրբազան արժէք մըն է եւ իւրաքանչիւր հիւանդ ունի իւրայատուկ արժանապատուութիւն։ Բժիշկները պէտք է ունենան բուժիչ ձեռքեր՝ լի կարեկցութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, յիշեցնելով Սուրբ Քամիլլոս Լելլիսի խօսքը, որ բժիշկները կը յորդորէր ըսելով՝ «սի՛րտ դրէք ձեր ձեռքերուն մէջ։» Իր եզրափակիչ խօսքերուն մէջ Սրբազան Պապը իր աղօթքը ապահովցուց բժիշկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.