2016-06-09 12:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Սիրենք ու հաշտուինք մեր մերձաւորին հետ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 9 յունիս 2016-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ այն եկեղեցականներուն վրայ որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին վնաս կը հասցնեն, իրենց խօսքերուն հակառակ գործելով։

''Ձեր արդարութիւնը պէտք է գերազանցէ փարիսեցիներունը եւ դպիրներունը''. Յիսուսի այս խօսքերէն ներշնչուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց քրիստոնէական իրատեսութեան կարեւորութիւնը։ Ժողովուրդը տարուբերուած էր որովհետեւ անոնք որոնք անոնց կ՛ուսուցանէին, իրենց կեանքի վկայութեամբ հետեւողական չէին։

Յիսուս առ այդ կը խնդրէ գերազանցել այդ իրողութիւնը ու կը պատուիրէ սիրել զԱստուած ու ընկերը, զգուշացնելով այն տարածուած վարուելակերպէն` որով յաճախ նախատինք կը կարդանք մեր մերձաւորին ու հաստատելով թէ այս մէկը մեղք է որովհետեւ մեր եղբայրը նախատելով կը սպանենք անոր հոգին ու անոր արժանապատուութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մեղադրեց այն եկեղեցականները որոնք իրենց քրիստոնէական հակա-վկայութեամբ չարութիւն կը հասցնեն Աստուծոյ Ժողովուրդին, ապա հրաւիրեց հետեւիլ Յիսուսի պատգամին. դուրս գալ մենք մեզմէ, ազատիլ օրէնքի սահմանափակումէն։

Յիսուս` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մեզ լաւ կը ճանչնայ, ու մեզ կը յորդորէ միշտ հաշտուիլ ուրիշին հետ։ Ան մեզի կը սորվեցնէ առողջ իրատեսութիւն մը ունենալ յայտնեց Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը սորվեցնէ ձգտիլ կատարեալին` հաշտուիլ եղբօր հետ ու սիրել զայն։

Յիսուս ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը` մեզ կ՛ազատէ մեր թշուառութենէն, ''խնդրենք անորմէ որ մեզի սորվեցնէ դուրս գալ արմատականութենէն ու փառաբանել Աստուած, թող որ մեզի սորվեցնէ հաշտուիլ իրարու հետ'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.