2016-06-09 09:11:00

Կրօններ ահաբեկչութեան դէմ. զօրակցութիւն հարստահարուածներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 1 յունիսին Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ վերջ գտաւ ''Կրօններ ահաբեկչութեան դէմ'' միջազգային խորհրդաժողովը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի 40 երկիրներէ` կրօնական ու քաղաքական ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նաեւ կաթողիկէ եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը զոր գլխաւորեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Ժոզէֆ Թոմքօ։ 

Վերոնշեալ խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ժողովականները գոհունակութեամբ ընկալեցին Ֆրանչիսկոս Պապին ու համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլի միջեւ կայացած հանդիպումը որ բացայայտեց կրօնական ղեկավարներու կամքը մէկդի դնելու տարբերութիւնները եւ սկիզբ տալու յանուն խաղաղութեան երկխօսութեան։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Ժողովականները թիկունք կը կանգնին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան ծաւալումին, ինչպէս է պարագան Ալ Ազհարի Իմամի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ կայացած հանդիպման։

Ժողովականները ապա դատապարտեցին ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղ բռնութեան որեւէ կիրարկում, յատկապէս երբ այդ մէկը կը գործադրուի ''կրօնի անունով ու կը խախտէ անհատի իրաւունքներն ու անոր ազատութիւնը''։

Ժողովականները հուսկ իրենց զօրակցութիւնը  յայտնեցին աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ տառապող հասարակութիւններուն, իրենց յանձնառութիւնը բացայայտելով գործելու ''ահաբեկչութեան պատճառները վերացնելու համար­, որոնց շարքին  են աղքատութիւնը, անօթութիւնը, անգործութիւնը, անկայունութիւնն ու հակամարտութիւնները''։

''Այս ծիրէն ներս կիներն ու ընտանիքները կարեւոր դեր մը ունին խաղալիք յատկապէս նոր սերունդի կազմաւորման ծիրէն ներս'' հաստատեցին  ''Կրօններ ահաբեկչութեան դէմ'' միջազգային խորհրդաժողովի մասնակցողները։








All the contents on this site are copyrighted ©.