2016-06-09 08:32:00

Կաթողիկէ Համայնքը կը գնահատէ Սահակ Սէրայտարեանի 85 տարիներու ծառայութիւնը։


ԱՆԹՈՒԱՆ ԳԱՐԱՄԱՆԼԵԱՆ

 

Կիրակի, 22 Մայիս 2016ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Լոս Անճելըսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագին ընթացքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան պատուեց եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութիւններ մատուցած Սահակ Սէրայտարեանը, որ կը տօնէր իր ծննդեան 95ամեակը, ինչպէս նաեւ՝ իր 85ամեայ ծառայութիւնը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

Արդարեւ, Սահակ Սէրայտարեան 10 տարեկանէն սկսեալ սպասարկած է սուրբ պատարագներուն եւ եղած է օրինակելի ու տիպար հայորդի մը:

Գնահատելով Սէրայտարեանի բազմաթիւ արժանիքները՝ առաջնորդ հայրը, յաւարտ Աւետարանի ընթերցումին, բեմ հրաւիրեց Սահակը եւ զայն պատուեց «Տիրամայր Նարեկի Ասպետ» շքանշանով:

Օրուան քարոզին մէջ սրբազան հայրը խօսեցաւ «Ծառայեցէք Տեառն ուրախութեամբ» բնաբանով: Ան բարձր գնահատեց մեծարեալին բազմաթիւ արժանիքները եւ ծառայութիւնները, զորս ան կատարած է անսակարկ նուիրումով, 85 երկար տարիներ, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ բարօրութեան համար:

Ս. պատարագին յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը՝ եկեղեցւոյ «Ռէյմոն եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ, ուր նաեւ կատարուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ արուեստագէտներ՝ խանդավառելով հանդիսութիւնը: Նաեւ, յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ եկեղեցւոյ «Այտընեան» երգչախումբը։ Ներկայ էին Սահակ Սէրայտարեանի զաւակները՝ (դուստրը եւ ամուսինը, որոնք յատուկ ժամանած էին Ուաշինկթընէն), մօտիկ բարեկամները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամները:

Ելոյթներով հանդէս եկան բազմաթիւ մտաւորականներ. Սէսիլ Քէշիշեան խօսք առաւ անգլերէնով եւ դրուատեց Սահակի բազում արժանիքները, որոնց ինք ծանօթացած էր երկար տարիներու իրենց բարեկամութեան ընթացքին։

Ինչպէս միշտ, ազգային եւ մտաւորական հայորդի տոքթ. Վարդան Թաշճեան իր հակիրճ բայց իմաստալից եւ կատակախառն խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սահակի բազմաշնորհ արժանիքներուն եւ մեծապէս գնահատանքի արժանացաւ ներկաներուն կողմէ: Խօսք առաւ նաեւ գաղութիս հանրածանօթ մտաւորական, խմբագիր եւ յօդուածագիր Սարգիս Մաճառեան, որ դրուատեց մեծարեալին երկարամեայ գործունէութիւնը՝ ի սպաս եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին: Ան խօսեցաւ Սահակի ազնիւ նկարագիրին մասին եւ մաղթեց, որ Տէրը իրեն շնորհէ բազմաթիւ երկար տարիներ, որպէսզի 5 տարի ետք, բոլոր ներկաներուն հետ միասնաբար տօնէ իր ծննդեան 100ամեակը:

Ապա ներկաները ճաշակեցին պատրաստուած համադամ ճաշերը:

Օրուան հանդիսավարը՝ Անթուան Գարամանլեան, բեմ հրաւիրեց օրուան մեծարեալը, որ խոր յուզուած՝ իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ իրեն շնորհած էր երկար եւ առողջ կեանք մը, զոր ինք իր կարգին նուիրած էր Աստուծոյ: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր արուեստագէտներուն եւ «Այտընեան» երգչախումբի ղեկավար Կրեկ Սարոյեանին ու անդամ-անդամուհիներուն, որոնք իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած էին այս հանդիսութեան: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ Ֆրանսիս պապին եւ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Հայ կաթողիկէ պատրիարքին, որոնք պատուոյ գիրեր շնորհած էին իրեն:

Սահակ Սէրայտարեան ապա յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց Միքայէլ եպս. Մուրատեանին, որ իրեն շնորհած էր «Տիրամայր Նարեկի Ասպետ» շքանշանը եւ ապահոված պապին եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքին օրհնութեան գիրերը:

Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Անտոն Նորատունկեանին, որ սիրայօժար տրամադրած էր սրահը:

Հանդէսը վերջ գտաւ «Կիլիկա» մաղթերգով:

''Քաղուած Ասպարէզէն''








All the contents on this site are copyrighted ©.