2016-06-08 08:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Արժանթինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային գիտաժողովին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 16 – 19 Յունիս 2016-ին, Արժանթինի Սան Միկել Տէ Թուքուման քաղաքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Արժանթինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային 11-րդ գիտաժողովը որ կը զուգադիպի Արժանթինի անկախութեան 200-րդ տարեդարձին։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ` եպիսկոպոսներու ժողովի երբեմնի կառավարիչ ու Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի երբեմնի նախագահը, նշանակած է որպէս իր յատուկ պատուիրակը գլխաւորելու համար վերոնշեալ գիտաժողովի աշխատանքները որոնց բնաբանն է '' Յիսուս Քրիստոս, Տէրը պատմութեան, պէտք ունինք քեզի'' որուն կը հետեւի այլ նախադասութիւն մը ''Յիսուս Քրիստոս, կեանքի հաց ու հաղորդութիւն մեր հաւատացեալներուն համար''։

Արժանթինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային գիտաժողովին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղած է Արժանթինի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Խօսէ Մարիա Արանչետոյին որուն մէջ ողջունելով բոլոր անոնք որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն գիտաժողովին Արժանթինի ժողովուրդին վրայ  հայցած է Լույանի Տիրամօր մայրական խնամակալութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւէր ուղղեց սիրեցեալ Արժանթինի հաւատացեալներուն խորացնելու իրենց սէրը հանդէպ Սուրբ Հաղորդութեան որ է առօրեայ սնունդ որ հաւատքը կ՛ամրապնդէ եւ կը սնանէ եղբայրութիւնն ու կարիքաւորներուն նկատմամբ յանձնառումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.