2016-06-08 10:31:00

Վատիկանի մէջ համաշխարհային հաղորդութեան բարեկարգուած եկեղեցիներուն պատուիրակութիւն մը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 7 յունիս 2016-ին, հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեամբ   կը նշուի,  որ յառաջիկայ ուրբաթ, 10 յունիս 2016-ին, բարեկարգուած  եկեղեցիներուն համաշխարհային հաղորդութեան պատուիրակութիւն մը­  առաջնորդութեամբ հաստատութեան  նախագահ Ժերրի Փիլայի եւ  ընդհանուր  քարտուղար Քրիս Ֆերկուսոին կ՝այցելեն Վատիկան։ Այցելութեան ծիրէն ներս անոնք հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ որմէ ետք  պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ պիտի ունենան քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի  եւ  արդարութիւն ու խաղաղութեան քահանայապետական խորհուրդին անդամներուն հետ։

Բարենորոգուած եկեղեցիներու համաշխարհային հաղորդութիւնը   երկար ժամանակէ ի վեր երկխօսութեան մէջ է  Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին հետ ։

Այս առթիւ բարեկարգուած  եկեղեցիներուն համաշխարհային հաղորդութեան պատուիրակութեան հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած է՝՝Մեր ուրախութիւնը կը բխի այն գիտակցութենէն, որ զղջումի եւ երկխօսութեան միջոցաւ կը մօտենանք այն միութեան զոր Քրիստոսի կողմէ եկեղեցւոյ պարգեւն է, որպէսզի ամէնք՝ հաւատան՝՝։

Յայտնենք,  թէ ուրբաթ, 10 յունիսին,  բարեկարգուած  եկեղեցիներուն համաշխարհային հաղորդութեան պատուիրակութեան անդամները` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ունենալիք  հանդիպումէ ետք  Վատիկանի Ռատիօ կայանի դահլիճին մէջ մամլոյ ասուլիս  պիտի ունենան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.