2016-06-08 12:58:00

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի վարչութեան հանդիպումը Արամ Ա. հետ։


Անցեալ ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Մազլում արքեպիսկոպոսին: Սոյն համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները: Համախմբումը նպատակ ունի ամրապնդել համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնն ու պաշտպանել քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները: Սոյն համախմբումին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներն են Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան:

Վարչութիւնը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը վերջին շրջանին համախմբումին տարած աշխատանքներուն եւ մշակած ծրագիրներուն մասին: Վարչութիւնը նաեւ ուզեց լսել վեհափառ հայրապետին` ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած երկու հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները:

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ ունեցած իր հանդիպումներուն կիզակէտն է Միջին Արեւելքի մէջ  քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնն ու քրիստոնեայ համայնքներուն ապահովութիւնը, շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ ծայրայեղականութեան վտանգը: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց համախմբումին տարած աշխատանքները եւ քաջալերեց, որ անիկա աւելի կազմակերպ ու ծրագրաւորուած կերպով շարունակէ իր գործունէութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.