2016-06-08 10:00:00

Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Հալէպի մէջ բախումներու աճէն


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտարարած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները մտահոգ են Հալէպ նահանգին մէջ աճող զինեալ բախումներէն, ինչպէս նաեւ զինադադարի դրութեան վրայ անոնց ազդեցութեան հաւանականութենէն:

«Հալէպի հարաւը, զինադուլի պայմաններուն համաձայն, վարչակարգը իրաւունք ունի պատասխանելու ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման: Սակայն հիւսիսի մէջ վարչակարգի օդային յարձակումները պատճառ դարձած են կենսական նշանակութիւն ունեցող ճամբու աւերման, ինչ որ կը սպառնայ կարիքաւոր սուրիացիներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հիմնական միջոցներու փակման», ըսած է Թրիւտօ:

Ան կողմերուն կոչ ուղղած է պահպանելու զինադուլը եւ հաստատելու իրենց մտադրութիւնը` յատկապէս այժմ, երբ սկիզբ առած է Ռամատանը` իսլամներու սուրբ ամիսը:

Միւս կողմէ, Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւն կը կատարեն միայն Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու անվտանգութեան ու զինադուլի հաստատման հարցին շուրջ:

«Կը գործէ թռիչքներու անվտանգութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր: Կան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խաղաղութեան վերաբերող առանձին քննարկումներ, որոնք անմիջական կերպով տեղի կ՛ունենան ռուսերուն հետ: Եւ արդէն տեւաբար ատիկա մեր դիրքորոշումն է», ըսաւ Քուք:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը նշէ, որ Փենթակոնի բանբերը այսպիսով մեկնաբանած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի այն յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները օրը երկու անգամ կը փոխանակեն ամբողջական տեղեկատուութիւն, ներառեալ` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին վերաբերեալ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.