2016-06-08 11:02:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ինչո՞ւ Մատիս Կը Նայիս

 Մարդկային մատները մեզի կը յիշեցնեն ամէնէն կատարելագործուած գործիքները: Նոյնիսկ երբեմն գործիքները մէկ կողմ կը դնեն վարպետներ, իրենց մատները օգտագործելով, գործի ամէնէն յատկանշական պահուն: Հանդիպած եմ մարդոց, որոնք դժբախտ արկածներու բերումով կորսնցուցած են իրենց աջ կամ ձախ ձեռքի մատներէն մէկը կամ երկուքը, միշտ գոհաբանութիւն մատուցելով Աստուծոյ, որ իրենց ձեռքը ամբողջութեամբ չեն կորսնցուցած: Մնացեալ մատներով ալ իրենց կեանքը շարունակելու յոյս ունենալով, անոնք յաճախ կը կրկնեն՝ ըսելով. «Գոնէ սա մատներս օգտագործելով, ձեւով մը գործս յառաջ կը տանիմ»: Իսկապէս ալ, կեանքի մէջ պատահած դժբախտութիւններուն դիմաց միշտ Աստուած մեզի կու տայ ուժ՝ դիմանալու, ու հնարամտութիւն՝ նոյնիսկ հաշմանդամ վիճակով շարունակելու մեր աշխատանքը: Բաւական տարածում գտած առած մը կայ, որ կ՛ըսէ. «Իր գլխուն եկածը, մարդ կը սորվի տանիլ»: Օրինակ, մանկութեանս շրջանին ճանչցած եմ միջին տարիքի մարդ մը, որ ձկորսութեան համար պատրաստած իր ձեռնառումբը լաւ տնօրինած չըլլալուն հետեւանքով, իր աջ ձեռքին մէջ պայթած էր, կտրելով անոր ցուցամատը, միջնեմատն ու մատնեմատը: Սակայն, վերոյիշեալ անձը շատ լաւ ինքնաշարժ կը վարէր, գրասենեկային աշխատանքներ կը կատարէր, ինչպէս նաեւ մարզանքի կը հետեւէր: Ուրեմն, իրեն համար այդ երեք մատներուն պակասութեան հիմնական խնդիրը ժամանակի ընթացքին լուծուած էր եւ երկրորդական մակարդակի իջած, ու ինք հաշտուելով իր բախտին հետ, կամքի ուժով շարունակած էր իր կեանքը:

Մարդկային մատները եթէ ուզենք բաղդատել կենդանիներու թաթերուն կամ նոյնիսկ մեր մատներուն նմանութիւնը ունեցող ձեռքերով անասուններու թաթերուն հետ, դարձեալ պիտի տեսնենք, թէ ամէնէն կատարելագործուած մատները մենք ունինք: Մեր մատներէն իւրաքանչիւրը յատուկ «գործ» ունի կատարելիք: Դիտեցէք մեքենագրութիւն կատարող մէկուն մատներու շարժումը գրաստեղնաշարին վրայ: Յատկապէս վարժ մեքենագրողին մատներուն ելեւէջը հիացում պիտի պատճառէ ձեզի: Այստեղ, ամէն մէկ մատ, առաջին հերթին գիտէ իր պարտականութիւնը, թէ ո՞ր բաժինին մէջ պիտի երթեւեկէ: Երկրորդ, հաճելի է նկատել, թէ մէկ մատին կատարելիք գործը ուրիշ մը չ՛ստանձներ: Իւրաքանչիւրը իր տեղը եւ դերը ունի մեքենագրութեան մէջ: Նոյնը կարելի է ըսել դաշնամուր նուագողներու մատներուն համար.  երաժշտական կալուածին մէջ մնալով, կ՛արժէ դիտել խմբավարի մը ձեռքերուն «ալեկոծումը» եւ մատներուն ստեղծած «պարը»: Այդ պահուն, մատները լեզուի ելած կը խօսին խումբի անդամներուն հետ, խմբավարին կամքը պարտադրելով անոնց:

Այս հրաշալի «գործիքները»  մեր մատները, միայն ֆիզիքական աշխատանքներ իրականացնելու համար չեն, այլեւ մեր խօսքին օժանդակող հանգամանք մըն ալ ունին: Իրենց ըսելիքը աւելի բացատրած ըլլալու միտումով, մարդիկ կը գործածեն իրենց ձեռքերն ու յատկապէս մատները: Երբեմն նոյնիսկ ձայնասփիւռի կայանին իր տուած մէկ հարցազրոյցի պահուն, խօսողը իր ձեռքերը կը շարժէր եւ մատը թափ կու տար: Անիկա գիտէր, թէ զինք չե՛ն տեսներ այդ պահուն, սակայն եւ այնպէս կը շարժէր իր ձեռքերն ու մատները, իր խօսքին համար «ուժ հաւաքելով» այդ շարժումներէն:

Մատներուն մէջ ամէնէն հեղինակաւորը, եթէ կ՛ուզէք, ցուցամատն է: Հեռու կամ մօտ գտնուող ոեւէ անձ կամ իր ցոյց տալու համար, մեր ցուցամատը կ՛օգտագործենք: Նոյն մատը երբ բարկութեամբ ուղղենք մէկուն՝ կը նշանակէ, թէ կը յանդիմանենք զայն: Դարձեալ, երբ մեր ցուցամատը թափ տանք խստութեամբ, կը նշանակէ, թէ կը սպառնանք մէկուն: Նոյն մատը քիչ մը կորացնելով, մէկուն աչքը հանելու սարսափը իբրեւ ազդարարութիւն կը փոխանցենք անոր, եւ այսպէս, շարունակաբար, առանց փամփուշտի զէնք դարձուցած մեր ցուցամատը կ՛ուղղենք զանիկա մեր հակառակորդին:

Մեր միտքի գաղափարներուն բարացուցիչն է նաեւ մեր ցուցամատը: Սակայն, ամէն մարդ կարողութիւն չունի ըմբռնելու անոր տուած բացատրութիւնները կամ տեսնելու անոր ցոյց տուած գաղափարական ուղղութիւնը: Շատերուն ուշադրութիւնը մատին կ՛երթայ, այնպէս՝ ինչպէս հրապարակային փայլուն ելոյթի մը ընթացքին, շատերուն կեդրոնացումը կ՛ուղղուի դէպի ճառախօսի ձեռքերու եւ մատներու շարժումներուն, քան՝ անոր արտասանած խօսքին: Պատահած է, բացառիկ ելոյթէ ետք, երբ ներկաներէն մէկուն հարցուցեր են, թէ ի՞նչ հասկցաւ ըսուածէն, ան պատասխաներ է, ըսելով. «Չե՛մ գիտեր, բայց՝ շա՛տ լաւ խօսեցաւ»: Ուրեմն, մարդուն մատները պատճառ դարձան, որ ունկնդիրը չհասկնայ ըսուածը…

Կը զարմանանք երբեմն, երբ մեր խօսքը «տեղ չի՛ հասնիր»: Այսինքն՝ մեր գաղափարները կը մնան «թուղթին վրայ»: Մե՞նք արդեօք կարողութիւն չունինք հասկցնելու ուրիշին, թէ ուրիշներ կարողութիւն չունին ըմբռնելու մեր ըսածները: Ահա երկուութիւն մը, որուն միջեւ կը տատանի մարդ ու կը տատամսի երբեմն որեւէ քայլ առնելէ առաջ: Բայց սթափեցնելու համար մեր շրջապատը, պէտք է ուղղել կարեւոր հարցում մը՝ մեզ լսողներուն ուշադրութեան արեւելում տալու համար.

_ Ինչո՞ւ մատիս կը նայիս: Նայէ՛ այնտեղ, տե՛ս այն գաղափարը, զոր մատովս ցոյց կու տամ քեզի:

Կարեւորը թողած, երկրորդական խնդիրներով զբաղող մարդոց շա՜տ կարելի է հանդիպիլ: Բարոյագիտական լեզուով, զանոնք պէտք է անուանել «մանրավաճառներ», որոնք անպակաս կ՛ըլլան կեանքի փողոցներու կեղտոտ մայթերուն վրայ: Ասոնք բնա՛ւ չեն կրնար մեր ցուցամատի ծայրէն անդին տեսնել: Կարճատես այս փերեզակները տեղեակ ալ չե՛ն ըլլար, եթէ փողոցի չար տղաք իրենց սփռոցէն սեւցած առարկաներ գողնան:

Խօսողին բուն գաղափարը տեսնելու եւ անկէ օգտուելու համար, պէտք է ցուցամատին չնայիլ, այլ՝ անոր ցոյց տուած ուղղութեան հետեւիլ, գտնելու համար իսկական ճամբան:

Կեանքի ճանապարհը մեզի ցոյց տուողներ եղած են ու ապագային ալ պիտի ըլլան: Սակայն երբեք պիտի չկարենանք գտնել այդ ճանապարհը, եթէ զայն մեզի ցոյց տուող մարդուն ցուցամատին նայինք միայն: Իսկ եթէ այդ ցուցամատին ցոյց տուած մօտակայ թէ հեռաւոր ուղղութիւնը գտնենք, անպայման պիտի տեսնենք բուն գաղափարը՝ ճշմարտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.