2016-06-08 15:25:00

Հայր Լոմպարտիի զեկոյցը Ինը կարդինալներու ժողովի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 8 յունիս 2016-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի լրագրողներուն հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի  ընթացքին խօսեցաւ Ինը կարդինալներու` Հռոմի Քուրիայի սահմանադրութեան բարեկարգումի 15-րդ վեհաժողովի աշխատանքներու մասին յայտնելով թէ վեհաժողովը վերջ կը գտնէ այսօր երեկոյեան մինչ յաջորդ ժողովները գումարուած են 12­ -14 սեպտեմբեր եւ 12-14 դեկտեմբեր 2016-ին։

Երեք օրերու ընթացքիՆ անդրադարձ կատարուեցաւ Վատիկանեան հաղորդամիջոցներու բարեկարգումներու գործընթացի մասին ինչպէս նաեւ Վատիկանեան հաստատութիւններու, Ժողովներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան մասին յատկապէս հայող Պետական Քարտուղարութեան, Եպիսկոպոսներու Ժողովին, Կղերի Ժողովին, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին ինչպէսն նաեւ Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովին, ապա մշակոյթի, քրիստոնեաներու միութեան ու միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդներուն ։

Ժողովի աշխատանքային նիստերու ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին յանձնուեցաւ Ինը կարդինալներու կողմէ պատրաստուած գնահատական արդիւնքները որոնց հիման վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերջնական որոշումներ պիտի առնէ։

Ինը կարդինալները առիթ ունեցան նաեւ ունկնդրելու Վատիկանի Հաղորդամիջոցներու ժողովի կառավարիչ Գերապայծառ Վիկանոյի զեկոյցը հայող հաղորդամիջոցներու բարեկարգումներու գործընթացքին ու յատկապէս Ռատիօ Վատիկանի եւ Վատիկանի հեռուստակայանի միացման գործընթացին։ Կարդինալները գնահատեցին մինչեւ այսօր իրականացուած աշխատանքը ու քաջալերեցին անոր շարունակութիւնը։

Հայր Լոմպարտի ապա յայտնեց թէ Ինը կարդինալներու աշխատանքը չէ սահմանափակուած միայն Վատիկանեան Սահմանադրութիւնը վերատեսելու գործին մէջ, այլ անոնք Քահանայապետին անմիջական օգնականներն ու խորհրդատուներն են եւ Քահանայապետը ազատ օրէն կարող է անոնց դիմել ու անոնց գաղափարը առնել որեւէ մէկ հարցի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.