2016-06-07 11:59:00

Վատիկանի մէջ ներկայացուեցաւ ''Հանսեն'' հիւանդութեան հայող միջազգային գիտաժողովը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 7 յունիս 2016-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ ներկայացուցեաւ, հիւանդապահներու քահանայապետական խորհուրդի  կողմէ ինչպէս նաեւ ''Բարի Սամարացի'' անուան հիմնարկութեան  ու այլ բարեսիրական հաստատութիւններու կողմէ կազմակերպուած ՝՝Հանսեն՝՝  հիւանդութենէ տառապող անձերու արժանավայել  բուժում՝՝ խորագիրը կրող միջազային գիտաժողովը,  որ տեղի պիտի ունենայ հռոմի Աուկիսթիւանում հայրաբանական  համասլասրանի դահլիճին մէջ յառաջիկայ 9-10 յունիսին։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցողներուն շարքին զրուցեց նաեւ  հիւանդապահներու քահանայապետական խորհուրդի  նախագահ գերապայծառ` Զիկմունթ Զիմովսքի։

Զրոյցներու ընթացքին ի յայտ դրուեցաւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնն ի սպաս հիւանդներուն ու անոր մօտիկութիւնը յատկապէս անոնց որոնք ''Հանսենի'' հիւանդութենէն կը տառապին։ Ընդգծուեցաւ ապա՝ գիտաժողովին նպատակակէտը այն է` ընկալել ու խնամք տանիլ հիւանդներուն­ զանոնք նկատելով ընկերութեան մասնիկ եւ ոչ թէ կղզիացած անդամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.