2016-06-07 10:32:00

Ռուսիա Թուրքիան մեղադրած է ահաբեկիչներուն մարտիկներ ու զէնք մատակարարելու յանցանքով


Թրքական «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլին հետեւող ռուսական կեդրոնը յայտարարած է, որ Ռուսիան Թուրքիան կը մեղադրէ իր տարածքով ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան աւելի քան 200-է աւելի անդամները ապօրինաբար Սուրիա անցընելու եւ կառավարական ուժերուն դէմ յարձակումներ գործելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչները զէնքով մատակարարելու յանցանքով: Կեդրոնին յայտարարութիւնը տեղադրուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին վրայ:

«Միջազգային ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան 200-է աւելի անդամներ Պէյսուն բնակավայրին մօտ, ապօրինաբար անցնելով Թուրքիոյ սահմանը, յարձակում գործած են Սուրիոյ բանակի դիրքերուն դէմ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պատկանող անօդաչու թռչող սարքեր նկարած են Թուրքիայէն Սուրիոյ Հալէպի եւ Իտլիպի շրջաններուն մէջ ժիհատականներուն զէնք փոխադրող բեռնատարներու շարասիւներ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.