2016-06-07 08:52:00

Լեհաստանի եպիսկոպոսներու ժողովը 7 եւ 8 յունիսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրաքովիայի մէջ նշուելիք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, ընտանիքներու հարցերը եւ գաղթականութեան երեւոյթը, ասոնք են Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ժողովին կեդրոնական նիւթերը։

Ժողովի ընթացքին որ տեղի կ՛ունենայ Վարշավիայի մէջ 7 եւ 8 յունիսին, անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին կայանալիք ուխտագնացութեան դէպի Հռոմ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.