2016-06-06 10:22:00

Զուիցերիացիք մերժեցին երաշխաւորուած եկամուտի դրութեան որդեգրումը


Զուիցերիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած հանրաքուէի նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Զուիցերիոյ քաղաքացիներուն 78 առ հարիւրը «ոչ» քուէարկած է երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի երաշխաւորուած եկամուտի դրութեան որդեգրման, իսկ կիրակի օրուան հանրաքուէի երկրորդ հարցը` ապաստանի տրամադրման հոլովոյթի հունաւորումն ու արագացումը վաւերացուած է, ստանալով քուէներուն 66 առ հարիւրը:

Հանրաքուէն երկրէն դուրս եւս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է, որովհետեւ այլ երկիրներ, ներառեալ Ֆինլանտան կը քննարկեն նոյնպիսի ծրագիրներ:

Դրութեան աջակցողները կը պնդեն, որ իւրաքանչիւր չափահասի ամսական 2500 զուիցերիական ֆրանք (2200 եւրօ) եւ 18 տարիքէն փոքր եղող իւրաքանչիւր քաղաքացիի ամսական 626 զուիցերիական ֆրանք (563 եւրօ) տրամադրելը պիտի խթանէ մարդկային արժանապատուութիւնն ու հասարակական ծառայութիւնը: Անոնք կը նշեն, որ մեքենական ինքնագործումի որդեգրման աճին պատճառով աշխատաւորներու համար գործի առիթները նուազած են: Սակայն ծրագիրին ընդդիմացողները, ներառեալ կառավարութիւնը,  կը յայտնեն, որ այդ դրութեան ծախսը շատ մեծ է եւ պիտի տկարացնէ տնտեսութիւնը: Ոմանք կը նշեն, որ կատարուած աշխատանքին ու շահուած դրամին միջեւ կապը կտրելը ընկերութեան համար ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Քաղուած ''Ազդակ''էն








All the contents on this site are copyrighted ©.