2016-06-06 10:46:00

Ամերիկիոյ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու համատեղ կոչը միջին արեւելքին ի սպաս


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջերս՝ Միացեալ նահանգներու՝ Նիւ Համշիրի Քոնթուքուք շրջանի մէջ գումարուեցաւ ԱՄՆ-ի  օրթոտոքս եւ կաթողիկէ միացեալ յանձնախումբի ժողովը, որուն կեդրոնական նիւթը եղաւ  համամիութենական ուղեւորութիւնն ու գաղթականներուն ողբերգութիւնները։

Յաւարտ ժողովին, Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կայքին մէջ   հրապարակուեցաւ ժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը  որուն մէջ նշուած  է ՝՝ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս կրօնապետերը յոյս յայտնած են ու կ՛աղօթեն յառաջիկայ 16-էն 27 յունիս 2016-ին, Քրեթա կղզիին մէջ գումարուելիք Օրթոտոքսներու Ժողովին համար։

Հաղորդագրութեան մէջ երկու եկեղեցիներու կրօնապետերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են այն երկիրներուն, որոնք հիւրընկալած են անթիւ գաղթականներ,  ապա հրաւէր ուղղած են բոլոր հաւատացեալներուն, Տիրոջ աղօթել՝  մխիթարանք շնորհելու համար բոլոր տառատպեալներուն 

Նշենք, թէ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միացեալ յանձնախումբը հիմնուած է 1981-ին՝ ԱՄՆ-ի մէջ  օրթոտոքս մնայուն եպիսկոպոսներու  համահաւաք դասի եւ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ։

Յանձնախումբի համանախագահներն են, Պոսթոնի թեմի  արքեպիսկոպոս կարդինալ Սին Օ Մալլեյ  եւ միեւնոյն քաղաքի յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ Մետրոպոլիթ՝ Մեթոտիոս։Յանձնախումբի առաջնահերթ  նպատակն է նպաստել կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ լիարժէք հաղորդութեան վերակառուցման ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.