2016-06-04 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը ուղղուած վատիկանի մէջ ժողոված դատաւորներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Զոհերուն յոյսը այն է՝ որ անարդարութիւնը չ՝ունենայ վերջին խօսքը։ Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամը ուղղեց, Աշխարհի զանազան վայրերէն Վատիկանի մէջ ժողոված աւելի քան հարիւր դատաւորներուն, որոնք եկած էին իրենց մասնկացութիւնը բերելու Քահանայապետական Ընկերային Գիտութիւններու Կաճառին կողմէ կազմակերպուած վեհաժողովին, որուն նպատակն է հակազդել կազմակերպեալ ոճրագործութիւններուն եւ անոնցմէ յառաջացած զանազան նորատեսակ ստրկութիւններուն, ինչպէս մարդավաճառութեան եւ պորնկութեան չարաշահման, եւ օգնել անոնց դէմ մղուած պայքարին։

Սրբազան Հայրը այս առթիւ իր յղած պատգամին մէջ՝ դատապարտելով մարդավաճառութեան, պորնկութեան ինչպէս նաեւ թմրամոլութեան արարքները՝ համարեց զանոնք մարդկութեան դէմ իսկական եւ իւրայատուկ ոճիրներ։

Ապա դիմելով հարիւրաւոր դատաւորներուն ու մասնագէտներուն, ընդգծեց իրենց միջեւ ստեղծելու համացանցային միջոցառումի կարեւորութիւնը՝ փորձառութիւններ փոխանակելու համար, որոնք կարող են հնարաւոր դարձնել ստրկութեան դէմ պայքարը։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց դատաւորներու անփոխարինելի եւ անգնահատելի դերը ըկերութեան մէջ եւ անոնց առաքելութիւնը՝ յատկապէս համաշխարհայնացումի անտարբերութեան մարտահրաւէրներուն դիմաց։

Ապա իր գնահատանքը յայտնեց, որ վերջերս ՄԱԿ-ը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է “կայուն եւ համապարփակ զարգացման նոր նպատակներ”, ուր կը պահանջուի միջոցառումներ որդեգրել՝ արմատախիլ ընելու արդիական ստրկութեան կերպեր, ինչպէս՝ բանուոր եւ զինուոր մանուկներու չարաշահումի երեւոյթը։ Այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց դատաւորներու դերակատարութիւնը, նշելով՝ թէ դատաւորին պատկերին ընդմէջէն ի յայտ կու գայ ընկերութեան առաջնկարգ յատկանիշը՝ արդարադատութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա խօսելով յանցագործներու պատժամիջոցներուն մասին հաստատեց՝ թէ պատժամիջոցը ինքնիր իր մէջ լոկ պատիժ չէ եւ թէ գոյութիւն չ՝ունի պատժամիջոց, որ զուրկ է յոյսէ։ Առանց յոյսի պատիժը՝ չարաչարանք է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, շեշտելով Եկեղեցւոյ դիրքը մահապատիժի դէմ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդոր ուղղեց դատաւորներուն, որ յոյս ներշնչեն զոհերուն, որպէսզի անոնք իրենց կարգին քաջութիւնը ունենան՝ խօսելու իրենց անցեալի զոհի կարգավիճակի մասին, որ արդէն իսկ քաջութեամբ գերազանցած են եւ այժմ անհատներ են՝ լիուլի արժանապատուութեամբ։ Այս ուղղութեամբ սրբազան Հայրը յորդորեց որ զոգերու ներգրաւումը ընկերութեան մէջ կատարուի մեծ խնամքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ճառը աւարտեց յիշելով Ս. Աւետարանի երանութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.