2016-06-04 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի խորհուրդի կանոնադրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) 2016 Յունիս 4ին, ընդառաջելով Ծիրանաւորներու Խորհուրդի առաջարկին, Ֆրանչիսկոս Պապ առ ի փորձ վաւերացուց Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի նորակազմ Խորհուրդի կանոնադրութիւնը։ Այս նոր խորհուրդին մէջ կը միանան զայսօր գործող Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդը եւ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդը։ Այսու չեղեալ կը նկատուին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապտի 1988 Յունիս 28ին հրատարակուած Pastor Bonus Սահմանադրութեան 131-134 եւ 139-141 յօդուածները։ Նորակազմ Խորհուրդի կանոնադրութիւնը կը բովանդակէ 13 յօդուածներ։
Ինչպէս առաջին յօդուածին մէջ կը յիշուի՝ խորհուրդի իրաւասութիւնը կը տարածուի այն հարցերու վրայ, որոնք կը հային աշխարհականներու կեանքին եւ անոնց առաքելութեան խթանման, ընտանիքներու հովուական խնամքին եւ անոնց առաքելութեան՝ ըստ Աստուծոյ ծրագրին, եւ մարդկային կեանքի պահպանման եւ աջակցութեան։
Տարւոյս Սեպտեմբերի 1ին ոյժի մէջ կը մտնէ սոյն կանոնադրութիւնը, եւ սոյն թուականին կը դադրին Աշխարհականներու եւ Ընտանիքի Քահանայապտական Խորհուրդները։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.