2016-06-04 14:45:00

Վանականութիւն


 Սէր եւ Ծառայութիւն (Դ)

Սեբաստիոյ Եւստաթէոս Եպիսկոպոսին կը վերագրուին կրօնաւորական կարգերու եւ վանքերու հնագոյն հիմնադրութիւններ Հայաստանի տարածքին։ Եւստաթէոս ծնած է 300 թուականի շուրջ եւ մահացած հաւանաբար 380 թուականին։ Ան զաւակն էր Սեբաստիոյ Եւղաղիոս Եպիսկոպոսին։ Եգիպտոսի մէջ կʼաշակերտի Արիոսի, սակայն վարդապետական վէճերու հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր։ Հակառակ որ մեծ հեղինակութիւն վայելած է, սակայն չունինք իրմէ գրաւոր հեղինակութիւններ։ Եւստաթէոս խանդավառ էր ճգնաւորական խստամբեր կեանքով։ Հակառակ բուռն դիմադրութեան, նոյնիսկ իր հօր կողմէ, ան Հայաստանի մէջ կը տարածէ խստակեաց կրօնաւորական կեանքի գաղափարականը, կը կազմակերպէ կրօնաւորական խումբեր, կը հիմնէ աղքատներու օթեւաններ եւ հիւանդանոցներ, եւ անդադրուն կերպով կը կատարէ քարոզչական աշխատանք իր գաղափարականներու համոզումներով։ Դժբախտաբար կը յարի ժամանակի հերետիկոսական ուղղութիւններուն, որոնք դատապարտուած էին Նիկիոյ տիեզերական ժողովին կողմէ։ Հակառակ իր դէմ բազմաթիւ պայքարողներու, կը մնայ Սեբաստիոյ եպիսկոպոս։ Սակայն 372 թուականին է, ուր Բարսեղ Կեսարացի, որ 15 տարիներ շարունակ Եւստաթէոսի հիացող  եւ մտերիմ բարեկամներէն եղած էր, կը յաջողի զայն հեռացնել։ Նէոկեսարիոյ եկեղեցական ժողովը, 340ին կարգալոյծ կʼընէ զայն, եւ Գանգրայի եկեղեցական ժողովը կը դատապարտէ զայն եւ անոր հետեւորդները՝ չափազանց խստամբեր ճգնաւորական կեանքին եւ ծայրայեղական գաղափարներուն համար, որոնք չէին համապատասխաներ Ս. Աւետարանի ուսուցման։

Եւստաթէոս եպիսկոպոս, փոխանակ նշուելու Եկեղեցւոյ սուրբ կրօնաւորներու ցանկին մէջ, կը մնայ ճանչցուած իբր հերետիկոս։

Եւստաթէոսի դէմ եղած մեղադրանքները առաւելապէս կը հայէին անոր ծայրայեղական գաղափարներուն։ Ան կը մեղադրուէր զանազան կէտերու մէջ։ Սոկրատես պատմիչ հետեւեալ տողերով կը յիշէ Եւստաթէոսը – “Եւստաթէոս դատապարտուեցաւ Գանգրայի մէջ կազմուած ժողովին մէջ, որովհետեւ Կեսարիոյ ժողովէն բանադրուելէ ետք չէր դադրեր եկեղեցական կարգերը փոփոխել։ Կʼարգիլէր ամուսնութիւնը, կը պատուիրէր մսեղէն կերակուրներ չուտել՝ միսը պիղծ համարելով. մսակերներէն եւ օրինաւորապէս ամուսնացեալներէն շատերը կը մերժէր, կամ ամուսնացեալները իրարմէ կը բաժնէր։ Թողած եկեղեցին՝ եկեղեցական խորհուրդները եւ պատարագը տուներու մէջ կատարել կու տար։ Աստուածպաշտութեան պատրուակով ծառաները իրենց տէրերէն կը հեռացնէր։ Իմաստասէրի, այսինքն մոնոզոնի սքեմ կը հագնէր եւ իրեն հետեւողներուն կը թելադրէր օտարոտի պարեգօտ հագնիլ։ Կիներու մազերը կը կտրէր. կը խախտէր յայտնի պահքերը եւ կը պատուիրէր տէրունական տօներուն պահք պահել։ Թոյլ չէր տար ամուսնացեալներու տուները օրհնել. սովորական կարգով ամուսնացած քահանաները պիղծ համարելով՝ կը զրկէր զանոնք օրհնութենէ եւ հաղորդութենէ։ Այդպիսի շատ խստութիւններ կʼընէր եւ կը սորվեցնէր։»

Գանգրայի եկեղեցական ժողովը յիշելով նոյն պատճառները կը դատապարտէր եւս տաթէոսականները։ Խստամբեր կեանքի հետեւելով, անոնք կʼարհամարհէին ամուսնացեալները, ամուսնացեալ քահանաները, մսակերները. կը լքէին իրենց ընտանիքները։ Գանգրայի ժողովի ԺԵ. կանոնին մէջ կը կարդանք - «Անոնք, որոնք իրենց որդիները կը ծեծեն, զանոնք կը թողուն եւ իրենց կարելիին չափով չեն սնուցաներ եւ հոգ չեն տանիր անոնց աստուածպաշտութեան եւ սնունդին՝ մինչեւ անոնց չափահաս տարիքի հասնիլը, այլ ճգնաւորութեան պատրուակով կʼարհամարհեն եւ անհոգ կը գտնուին՝ թող նզովեալ ըլլան։» Ժողովը կը յիշեցնէ քրիստոնեաներու պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները, քրիստոնէական սկզբունքները՝ որոնց համաձայն պահքը կը կատարուի պարկեշտութեամբ, հեզութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ. կրօնաւորական կեանքը կʼընդունինք խոնարհութեամբ. կʼընդունինք սուրբ ամուսնութիւնը. չենք դատապարտեր ստացուածք եւ հագուստ. կը յարգենք Աստուծոյ տուները՝ եկեղեցիները։

Արդ, կրօնաւորական կեանքը աշխարհատեացութիւն չէ, ոչ ալ աշխարհախոյս ապրելակերպ։ Անոնք որոնք կոչումն ունին իբր կրօնաւոր կամ վանական ապրելու եւ գործելու, պէտք չէ նուաստ համարին անոնք, որոնց կոչումը ուրիշ է այս աշխարհի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.