2016-06-04 09:31:00

Սուրբ Աթոռը մտահոգ է փոքրամասնութիւններու նկատմամբ խիստ խօսքերու կիրարկման ի տես


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռը խորապէս մտահոգուած  է  Եւրոպայի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ խիստ ոճի գործածութեան  աճ արձանագրման ի տես։  Այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչ գերապայծառ Ժանուս Որպանչիք՝ Վիեննայի մէջ գումարուած ԵԱՀԿ-ի  փոքրամասնութիւններուն   մասիս ժողովի ընթացին  ներկայացուցած  իր զեկոյցին մէջ։

ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռին մնայուն դէտը հաստատած  է ,  ՝՝ Եւրոպայի մէջ ստէպ կը լսուին ատելութեան խօսքեր,  որոնք կրնան փոխակերպուիլ բռնական  արարքներու եւ բախումներու ։ Կանխարգիլել ատելութեան արտայայտութիւնները կը նշանակէ կանխարգիլել բախումներ եւ զարգացնել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝՝ ըսած է Վատիկանի ներկայացուցիչը ապա հաստատած է     

՝՝Երիտասարդներու դաստիարակութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ կանխարգիլելու համար  բռնութիւնները   եւ շահեկան կը դառնայ  իսկական հանդուրժողականութեան  զարգացման եւ ոչ խտրականութեան ։ Ասոր համար է որ  Սուրբ Աթոռի մաղթանքն է բարգաւաճել դաստիարակչական յայտագիրները,  որոնք կը հզօրացնեն աւելի լաւ հասկացողութեան  եւ տարբեր մշակոյթներու,  ցեղերու ինչպէս նաեւի  կրօնքներուն հանդէպ յարգանքը։

Գերապայծառ Ժանուս անդրադառնալով երիտասարդներու դաստիարակչական յայտագիրներուն,  յարեց թէ անոնք  յայտագիրներ են,  որոնք կը սփռեն տիեզերական արժանիքներ,  ինչպէս՝  իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանք, անձերու միջեւ զօրակցութիւն ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.