2016-06-04 09:16:00

Լուտերական եկեղեցին կը նշէ բարեկարգումի հինգերորդ դարադարձը


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 31 հոկտեմբեր 2016-ին,  Լուտերական եկեղեցին կը նշէ  բարեկարգումի  հինգերորդ դարադարձը ։ Այս առթիւ կազմակերպուած են հանդիսութիւններ,  որոնք տեղի կ՝ունենան  Շուէտի  Լունտ քաղաքի մայր տաճարին մէջ ինչպէս նաեւ  քաղաքի մարզադաշտին մէջ։ Սոյն հանդիսութիւններուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Սրբազան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

 Այս առնչութեամբ, Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան եւ Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդը հրապարակեցին միատեղ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է,  թէ վերանորոգումի 500-րդ ամեակի առթիւ կազմաերպուած   Կաթողիկէ եւ Լուտերական եկեղեցւոյ համամիութեանական բնոյթ ունեցող արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շուէտի Լունտ քաղաքին մէջ։ Արարողութիւնը բաժնուած է երկու մասերու։ Եկեղեցական - ծիսական առաջին մասը պիտի կատարուի քաղաքին մայր տաճարին մէջ ապա պիտի շարունակուի հանրային ծրագիրով մը Մալմօ անուան մարզադաշտին մէջ։

 Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միատեղ ձեռնարկը ի յայտ պիտի դնէ 50 տարիներու ընթացքին կաթողիկէ եւ լուտերականներու միջեւ կայացած  համամիութենական երկխօսութիւնը  ու այս երկխօսութեան պտուղները։

Ձեռնարկին կէտ նպատակն է արտայայտել վերանորոգումի պարգեւները եւ ներողութիւն հայցել  երկու քրիստոնեայ  աւանդութիւններու միջեւ ծագած բաժանումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.