2016-06-03 10:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Քահանաներու Յոբելեանի Սուրբ պատարագի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յունիս 1-3, տեղի ունեցաւ Քահանաներու Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Յոբելենական նշումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած բազմահազար քահանաներ եւ որուն եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը տեղի ունեցաւ այսօր` ուրբաթ 3 Յունիսի առաւօտեան 9.30-ին, Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ`  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ''Տօնախմբելով Քահանաներու յոբելեանը Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին օրը մեր հայեացքը ուղղենք երկու սրտերու` Բարի Հովիւի սիրտին ու մեր հովիւներուս սրտին''։

Բարի Հովիւի  սիրտը մեզի նկատմամբ ողորմութիւն ցուցաբերող սիրտը չէ միայն այլ նոյնինքն ողորմութիւնն է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Այնտեղ է որ կը ճառագայթէ Հօր սէրը, այնտեղ ես ինքս կը զգամ ապահով, ընկալուած ու հասկցուած։ Այնտեղ ամբողջ իմ մեղքերովս ու իմ սահմանափակումներովս կը համտեսեմ ընտրուած ու սիրուած ըլլալուս  վստահութիւնը։ Այդ սրտին նայելով կը նորոգեմ իմ առաջին սէրս,  յիշատակը այն պահուն երբ Տէրը դպաւ իմ սրտիս ու կոչեց իրեն հետեւելու։

Բարի Հովիւի սիրտը մեզի կ՛ըսէ թէ իր սէրը անսահման է, երբեք չի յոգնիր եւ չի վհատիր։ Այդ սրտին մէջ կը գտնենք հաւատարիմ եւ խոնարհ սէրը, որ կ՛ազատագրէ ու ազատ կը թողու։ Այնտեղ ամէն անգամ կը վերագտնենք Յիսուսը որ մեզ կը սիրէ մինչեւ մահ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հարցադրելով ''դէպի ու՞ր ուղղուած է մեր սիրտը'' ու ընդգծելով թէ քահանային սիրտը Տիրոջ սիրով խոցուած սիրտ մըն է եւ ասոր համար ան ուղղուած է Աստուծոյ ու եղբայրներուն, ապա առաջարկեց այդ սիրտը մարզել երեք ներգործութիւններով` փնտռել, ներառել եւ ուրախանալ։

Փնտռել. Հովիւի մը փնտռող սիրտ մը, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, չի փնտռէր իր հանգիստը, չի մտահոգուիր անձնական համբաւով, ընդհակառակը, պատրաստ է նմանելու Տիրոջ` հակառակ բոլոր քննադատութիւններուն։ Յիսուսի նման հովիւը ունի ազատ սիրտ մը, ան հաշուապահ մը չէ այլ բարի Սամարացի մըն է, որ կը փնտռէ անոնք որոնք կարիքի մէջ են։ Հովիւ է եւ ոչ թէ հօտին տեսուչ, ու առաքելութեան կը նուիրուի ոչ թէ յիսուն կամ վաթսուն առ հարիւրով, այլ իր ամբողջութեամբ։ Ան կ՛ելլէ փնտռելու ու կը գտնէ, կանգ չ՛առներ յոգնութեան ու յուսախաբութիւններուն դիմաց։ Անոր սրտի կեդրոնը կը գտնուի իրմէ դուրս, Աստուծոյ ու մարդոց մօտ.

Ներառել։ Քրիստոս կը սիրէ եւ կը ճանչնայ իր ոչխարները ու անոնց համար իր կեանքը կու տայ. Անոր հօտը իր ընտանիքը եւ իր կեանքն է։ Ան Հովիւն է որ կը քալէ անոնց հետ ու զանոնք կը կոչէ իրենց անունով։ Այսպէս նաեւ Քրիստոսի Քահանան, օծուած է իր ժողովուրդին համար, ոչ թէ իր անձնական  ծրագիրները իրագործելու համար­, այլ մօտիկ ըլլալու ժողովուրդին զոր Աստուած, Եկեղեցւոյ միջոցաւ, անոր յանձնեց։ Ոչ մէկը բացառուած է անոր սրտէն, անոր աղօթքէն ու անոր ժպիտէն։ Հօր Աստուծոյ սիրոյ հայեացքով ան կը հիւրընկալէ, կը նեռարէ եւ երբ ստիպուած է յանդիմանել զայն կ՛ընէ մօտիկութեան դիտաւորութեամբ։ Ան ոչ մէկը կ՛արհամարհէ այլ պատրաստ է բոլորին համար իր ձեռքերը կեղտոտելու։ Ան չի սպասեր ուրիշներու գնահատանքը ու կը մերժէ չարախօսութիւնը, դատումներն ու թոյնը։ Կ՛ունկնդրէ հարցերը ու կ՛առաջնորդէ մարդոց քայլերը շնորհելով անոնց Աստուածային ներումը, առատ ողորմածութեամբ։

Ուրախանալ։ Աստուած լի է ուրախութեամբ։ Անոր ուրախութիւնը կը ծնի ներումէն, յարութիւն առած կեանքէն, այն զաւկէն որ դարձեալ կը շնչէ տան մթնոլորտը։ Բարի Հովիւի ուրախութիւնը ուրիշներուն եւ ուրիշներու հետ միասին ուրախութիւն մըն է, Սիրոյ իսկական ուրախութիւն է։ Այս է Քահանային ուրախութիւնը։ Ան կը կերպարանափոխուի այն ողորմութեամբ զոր ձրիօրէն կը պարգեւէ։ Աղօթքին մէջ կը գնտէ Աստուծոյ մխիթարութիւնը եւ կը փորձարկէ թէ ոչ մէկ բան աւելի հզօր է Անոր սէրէն։ Ասոր համար ան ներքնապէս խաղաղ է, ուրախ է`որովհետեւ ողորմութեան միջոց է զոր մարդը կը մօտեցնէ Աստուծոյ Սրտին։

Սիրելի քահանաներ, ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը քարոզին աւարտին, ամենօրեայ սուրբ զոհին մէջ վերագտնենք մեր այս Հովիւի ինքնութիւնը։ Ամէն անգամ իսկապէս մերը ընենք այս բառերը ''Այս է իմ մարմինս որ կը բաշխուի մեղքերու քաւութեան համար''։ Այս է  ահա մեր կեանքին իմաստը, խօսքերը որով մենք կարող ենք ամէն օր նորոգել մեր ձեռնադրութեան խոստումները։

Շնորհակալ եմ ձեր ''այոյին'' ձեր կեանքը տալու միացած Յիսուսին. Հոս է մեր ուրախութեան բիւրեղ ակնաղբիւրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.