ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ) եւ Փիեռ Անտրէօ (Ֆրանսա) Մայիս 31-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ Յունիս 2-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպումներու արդիւնքներով յայտարարութիւն տարածած են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, համանախագահները յայտարարութեան մէջ նշած են, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած է Վիեննայի մէջ Մայիս 16-ին տեղի ունեցած գագաթնաժողովի ժամանակ ընդունած որոշումներու կեանքի կոչման հարցը:
«Նախարարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով: Համանախագահները նախարարներուն ներկայացուցած են փաստաթուղթեր ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի լիազօրութիւնները ընդլայնելու եւ ԵԱՀԿ հետախուզական մեքանիզմներ ներդնելու հարցին շուրջ:
Նախարարները հաստատած են նախագահներու համաձայնութիւնը` Յունիսին իրականացնելու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` նպատակ ունենալով վերսկսելու բանակցութիւնները համապարփակ կարգաւորման շուրջ»,- կ՛ըսուի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |