2016-06-02 16:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանաներու հոգեւոր կրթութեան երրորդ խորհրդածութեան նիւթերը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 2 յունիսին, Քահանաներու Յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցած միօրեայ հոգեւոր կրթութեան շրջագիծէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երրորդ ու վերջին խորհրդածութիւնը ներկայացուց Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ որպէս նիւթ ունենալով ''Քրիստոսի անոյշ բոյրը եւ Անոր ողորմութեան լոյսը''։

Այս երրորդ խորհրդածութեան ընթացքին կ՛ուզեմ անդրադառնալ ''ողորմութեան ներգործութիւններու մասին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը զանոնք որակելով ''հոգեւոր զգացումներ''։ Ան ապա անդրադարձ կատարեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի եւ Լիմայի Սրբուհի Ռոզաի խօսքերուն. ''Երբ կը ծառայենք աղքատին եւ հիւանդին մենք կը դառնանք Քրիստոսի անոյշ բոյրը''։

Նորին Սրբութիւնըակնարկեց Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող մեղքերուն ու հակառակ անոնց եկեղեցւոյ վեհանձն առաքելութեան` ու յատկապէս աղքատներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած սիրոյն եւ հոգածութեան։

''Հաւատացեալները քահանաներուն կը ներեն  շատ  մեղքեր բայց ոչ  դրամասիրութիւնը'' ըսաւ ապա  Քահանայապետը, նշելով թէ ''դրամը մեզի կորսնցնել կու տայ ողորմութեան հարստութիւնը''։

Ողորմութեան ներգործութիւններուն մէջ մենք օրհնուած ենք Աստուծմէ, ըսաւ Քահանայապետը­­, ապա մատնանշեց Յիսուսի խօսքին ուղղուած մեղաւոր կնոջ` ''Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր` գնա եւ այլեւս մի մեղանչեր''։ Ահա ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ողորմութեան նրբութիւնը որ գթութեամբ կը նայի անցեալին ու կը քաջալերէ դէպի ապագան։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութեան ընթացքին անդրադարձաւ ապա ''խոստովանարանին''` վայրը ուր ճշմարտութիւնը կ՛ազատէ, դիտել տալով թէ քահանան հանդիպումի նշան ու գործիք է ու յորդորելով ներկաները ըլլալու ծառաներ ու միջնորդներ եւ ցուցաբերելու տրամադրելիութիւն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ անդրադարձաւ Ողորմութեան ներգործութիւններուն ու անոնց հասարակական ծաւալին, մէջբերումներ կատարելով Աւետարանին մէջ Յիսուսի իրագործած բարի գործերուն։ Ան ապա երկարաշունչ խորհրդածութիւն եզրափակեց հայցելով Բարի Հովիւի շնորհքը ապա հրաւիրեց միասնաբար աղօթել ''Հոգի Քրիստոսի'' աղօթքը, հայցելով որ Տէրը մեզի ու մեր ժողովրդին հանդէպ ըլլայ ողորմած, մեզ սրբացնէ, մեզ բիւրեղացնէ, ու մեզ իր վէրքերուն մէջ պահպանէ, որպէսզի ոչ մէկը եւ ոչ մին մեզ բաժնէ անոր ողորմութենէն որ մեզ կը պաշտպանէ չարէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.