2016-06-02 15:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի երկրորդ խորհրդածութեան նիւթը ողորմութեան ընդունարանը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ին,  քահանաներու  ողորմութեան յոբելեանի նշման առթիւ  Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Աւագ Տիրամօր նուիրուած` Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ, ներկայացուց Քահանաներուն հոգեւոր կրութեան  երկրորդ խորհրդածութիւնը որուն  նիւթը եղաւ ողորմութեան ընդունարանը։

Սրբազան հայրը  մատնանշեց թէ ողորմութեան ընդունարանը՝ մեր մեղքն է։ Սակայն՝ ստէպ կը պատահի,  որ մեր մեղքը կը նմանի ծակուած կուժի մը, որմէ կարճ ժամանակամիջոցի մը  մէջ շնորհքը՝ դուրս կը հոսի։  

՝՝Տէրը չի յոգնիր  ներում շնորհելէն , նաեւ երբ՝  տեսնէ,  որ Իր շնորհքը կարող չէ զօրաւոր արմատ գտնել մեր սրտի հողին մէջ­։  Տէրը դարձեալ  կը վերադառնայ եւ կը ցանէ իր ողորմութիւնն ու ներումը ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շեշտեց ՝՝Աստուած ոչ միայն չի տքնիր մեզ ներելէ, այլ  Ան կը վերանորոգէ այն տիկերը, որուն մէջ կ՝ընդունինք  ներումը։  եւ երբ՝  սիրտ մը ընդունի Աստուծոյ ողորմութիւնը, այդ սիրտը  կարկտուած սիրտ մը ըլլալէ կը դադրի ու կը դառնայ նոր սիրտ մը՝ վերածնուած սիրտ։  Տէրը նոր տիկեր կը գործածէ իր ողորմութեան գինիին համար, որպէսզի անիկա հին եւ կարկտուած չի մնայ։։

Սրտի վերածնունդը՝, Աստուծոյ երկրորդ ստեղծագործութիւնը­ աւելի հմայիչ է քան առաջինը, հաստատեց Ֆրանչիսկսո Պապ աւելցնելով թէ  ՝՝ Այդ սիրտը`կը վերածնի  շնորհիւ՝ մարդու թշուառութեան եւ Աստուծոյ ներողամտութեան միաձուլումին,   ասոր համար  ՝՝ այս սիրտը ՝՝ ողորմութիւն ստացաւ  եւ  ողորմութիւն կը շնորհէ ։

Ողորմութիւն ստացող եւ վերածնուած սիրտ ունեցող մարդը իր վէրքին եւ  մեղքին վրայ  կը փորձարկէ  Աստուծոյ շնորհքի պտուղները ։ Ան կը զգայ ­ որ  ողորմութիւնը՝ իր գործած յանցանքներուն խաղաղութիւն կը ներշնչէ, եւ դարձեալ կը վառէ  իր յոյսը։  

Ասոր համար է,  որ  երբ  ողորմութիւն ընկալող  անձը  իր միեւնոյն ստացած շնորհքով կը ներէ բոլոր անոնց որոնք պարտական են իրեն եւ  կը խղճայ բոլոր անոնց վրայ , որոնք իրեն նման  եւս մեղաւորներ են, այդ ողորմութիւնը արմատ կը գտնէ լաւ հողի մը մէջ, որուն մէջ հոսած ջուրը չի կորսուիր այլ կեանք կը պարգեւէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց խոկալու բոլոր այն սուրբերու մասին, որոնք թոյլ տուին իրենց սրտերուն՝ ողորմութեան վերածնունդին եւ նշմարելու­,  թէ  որ մէկ ընդունարանին մէջ ստացած են սոյն շնորհքները, հուսկ՝ օրինակներ թուեց զանազան սուրբերէն,  սկսեալ  Սուրբ Պօղոսէն  յայտնելով. թէ Առաքեալը շնորհքը ընդունած է օրէնքին հանդէպ ունեցած խիստ դատողութեան համար, զոր զինք մղեց հալածող դառնալու։ 

Աստուծոյ ողորմութիւնը  կերպարանափոխեց Առաքեալը,  եւ այնպէս մը ըրաւ,  որ  ան կը դառնայ  ամենէն հեռաւորներուն ու հեթանոսներուն փնտռողը՝ անոնց հանդէպ  առ աւելիով  ողորմելի  ըլլալով, որովհետեւ Ինք եւս հեթանոսներու նման էր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց  Սուրբ Պետրոսի, Սուրբ Յովհաննէսի, ինչպէս նաեւ արժանթինի Երանելի Պրոշերոյի մասին, որ մօտ օրէն պիտի սրբադասուի ու խօսքը կեդրոնացուց Աստուածամօր վրայ, ըսելով Ան կատարեալ եւ պարզ ընդունարանն է ՝ ստանալու եւ շնորհելու համար  Աստուծոյ ողորմութիւնը։

Տիրամօր՝ շնորհքին նկատմամբ ազատ ՝՝այո՝՝ն,  հակառակ պատկերն եղաւ այն մեղքին, զոր անառակ որդին առաջնորդեց դէպի ունայնութիւն։

Տիրամայրը  կը պահպանէ յիշատակն ու Աստուածային անսահման ողորմութեան խոստումը հանդէպ իր ժողովուրդին ըսաւ Նորին Սրբութիւն ու անդրադարձաւ   Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան, որուն ընթացքին Կուատալուփէ Տիրամօր սրբավայրին մէջ  առանցական հանդիպում ունեցած է  եւ   աղօթած է բարի քահանաներուն համար։ 

Սրբազան Հայրը յիշեց  ու զրուցեց Տիրամօր  նայուածքի ձեւերուն մասին, յատկապէս ուղղուած քահանաներուն, որովհետեւ Աստուածամայրը կղերականներուն միջոցաւ կ՝ուզէ նայիլ իր ժողովուրդին։

Սուրբ Կոյս Մարիամ կը նայի այնպիսի ձեւով մը,  որպէսզի իւրաքանչիւր անձ  ինքզինք զգայ իր  արգանդին մէջ ։ Ան մեզի կ՝ուսուցանէ, թէ մարդոց սիրտերը սիրաշահելու համար  միակ կարող ուժն է   Աստուծոյ քնքշութիւնը

Տիրամօր դիտելու  այլ ձեւն  է ուշադրութիւնը։ Տիրամայրը ուշադրութեամբ կը նշմարէ,  Ան ամբողջութեամբ կը նուիրուի իր դիմաց գտնուող անձին, որպէս մայր։

Տիրամայրը չ՝ունի բեկորուած նայուածքներ, ան ամբողջութեամբ կը դիտէ, կը միացնէ մեր անցեալը, ներկան ու ապագան։

 Ֆրանչիկսոս Պապ եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը հաստատելով, թէ  Տիրամայրը ողորմութեան մայրն է, մեր կեանքը, յոյսն ու քնքշութիւնը։

Իր ողորմելի աչքերուն մէջ կը նշմարենք լաւագոյն ողորմութեան անօթը, այն իմաստով,  թէ անոր մէջէն կրնանք ըմպել բարի նայուածքն ու ներումը,  որոնց ծարաւը կը զգանք ինչպէս ծարաւը կը զգանք լոկ նայուածքի մը։

Տիրամօր ողորմելի հայեացքը նաեւ այն հայեացքն է, որ  տեսնել կու տայ Աստուծոյ ողորմութեան գործերը մարդոց պատմութեան մէջ եւ կը  յայտնաբերէ  Յիսուսը՝ մարդոց  դիմագիծերուն ընդմէջէն։

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.