2016-06-02 16:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մասնակցի Վատիկանի մէջ կայացած դատաւորներու վեհաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ`  3 եւ 4 Յունիսին Վատիկանի մէջ, Գիտութեան Քահանայապետական ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ,  տեղի կ՛ունենայ մարդավաճառութեան ու կազմակերպուած ոճրագործութեան կանխարգիլման մասին դատաւորներու վեհաժողով մը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն զանազան երկիրներէն ժամանած դատաւորներ ու դատախազներ ինչպէս նաեւ վերոնշեալ յանցագործութիւններու դէմ պայքարող դերակատարներ.

Սոյն վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 3 Յունիսի երեկոյեան նիստին։








All the contents on this site are copyrighted ©.