2016-06-02 09:16:00

Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւին քննարկման


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս».–  Գերմանական Bild-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի քննարկման, Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաձաղի դէմ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին եւ հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած կեցուածքներուն։

Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող օրինագիծին մասին խօսելով՝ Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է Պունտեսթակի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որպէսզի նման ոճիրներ չկրկնուին։  Ան նկատել տուած է, որ գերմանացի ոչ մէկ քաղաքական գործիչ կը ժխտէ Ցեղասպանութեան փաստը, նոյնիսկ անոնք, որոնք ներկայիս դէմ են բանաձեւին: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ այդ գոծիչները հաւատարիմ կը մնան ընդհանուր արժէքներուն եւ զանոնք վեր կը դասեն ժամանակաւոր քաղաքական շահերէն:

Նախագահ Սարգսեան շեշտած է, որ Գերմանիան նոյնպէս պատմական պատասխանատուութիւն կը կրէ 1915ի իրադարձութիւններուն համար: «Գերմանական կայսրութիւնը, լինելով Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցը, պատմական ականատեսն էր այդ յանցագործութիւնների եւ կարող էր ինչ-որ քայլեր անել դրանց կանխարգելման համար: Սակայն ոչինչ չի արուել: Գերմանիան առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն է կրում եւ պարտաւոր է յատկապէս բարոյական տեսանկիւնից պաշտպանել արժէքները, որոնք ոչ մի փոխզիջում չեն ճանաչում», ըսած է նախագահը։

Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գաղթականներու հարցով համաձայնութեան հաւանական տապալումն ու Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քուէարկութիւնը պէտք չէ կապել իրարու։ «Եւրամիութիւնը պէտք չէ կուրօրէն հաւատայ Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Էրդողանին՝ փախստականների խնդրի կարգաւորման հարցում, այլ պէտք է սեփական լուծումները փնտռի», ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Ան դիտել տուած է, որ կը զգայ, թէ Թուրքիոյ եւ եւրոպական երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնագիրը շատ երերուն հիման վրայ դրուած է, իսկ Թուրքիոյ նման գործընկերոջ հետ դժուար պիտի ըլլայ երկարատեւ եւ հեռանկարային նման ծրագիրներ մշակել ու իրագործել։ «Եւ յստակ է, որ փախստականների հարցով այդ համաձայնագրի հնարաւոր ձախողումը ոչ մի կապ չունի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի հետ», ընդգծած է նախագահը։

Պատասխանելով Bild-ի լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական Միութիւնը կրնա՞յ վստահիլ Թուրքիոյ նախագահին՝ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ չի կրնար արտայայտուիլ Եւրոպական Միութեան անունով, բայց իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով կրնայ ըսել. «Ո՛չ, մենք չենք հաւատում Էրդողանին»:

Հայաստանի նախագահին համաձայն՝ Էրտողանն է, որ արգելափակած է Հայ-թրքական հաշտեցման ցիւրիխեան համաձայնագիրներու վաւերացումը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ անոր գծով միջազգային կեցուածքին՝ հաստատելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ կատարուած յարձակումներուն ընթացքին միջազգային հանրութեան կողմէ համերաշխութիւն չարձանագրուեցաւ։

Խօսելով տարածաշրջանին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին՝ նախագահը ըսած է. «Այս պահին իրադրութիւնը հանգիստ է, կրակոցներ չկան: Սակայն երբ Ադրբեջանը զինուած յարձակում սկսեց, միջազգային հանրութիւնը համերաշխութիւն չցուցաբերեց: Մենք կը ցանկանայինք, որպէսզի իրենց յայտարարութիւններում առաւել յստակ ընդգծուէր, թէ ինչ է կատարուել. Ադրբեջանը յարձակում է իրականացրել»:

Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ նախագահ Սարգսեանի կոչը ի՛նչ պիտի ըլլայ միջազգային հանրութեան. «Հայաստանը փոքր երկիր է: Մենք գիտակցում ենք, որ գուցէ տնտեսապէս աւելի քիչ հետաքրքրութիւն ենք ներկայացնում: Մեր մտահոգութիւնն այն է, որ անարդարութիւնը կոչուի իր անունով: Մեզ համար առաջին հերթին բաւարար կը լինէր, եթէ եւրոպական ձայները դատապարտէին Ադրբեջանի գործողութիւնները: Եթէ դա բաւարար չլինէր, հետագայ քայլ կարող էին դիտարկուել պատժամիջոցները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.