2016-06-02 09:34:00

Մեսրոպեանի բողբոջներն ու կոկոնները տօնական հանդէսով փակեցին տարեշրջանը։


29 Մայիս 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կոկոն եւ բողբոջ դասարաններու աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած տօնական հանդէսով մը փակեցին ընթացիկ կրթական տարեշրջանը: Հանդէսը առիթ եղաւ պատկերացում մը փոխանցելու այն ծրագրին մասին, որուն հետեւեցան անոնք տարուան ընթացքին:

Հանդէսի բացումին կոկոնները կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգերը եւ արտասանեցին բացման խօսքեր (հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն), իսկ բողբոջները կատարեցին խմբային երգեր՝ դարձեալ երեք լեզուներով: Գեղարուեստական յայտագրի գլխաւոր մասը հիմնուած էր Քնացած Իշխանուհին հեքիաթի նիւթին վրայ, զոր երկու դասարաններու աշակերտները մատուցեցին իրենց դերասանական մատղաշ ձիրքերով, փոխն ի փոխ կատարելով երգեր ու պարեր՝ հայկական, արաբական եւ եւրոպական երաժշտութեան տակ: Գեղարուեստական մասը եզրափակուեցաւ կոկոններու եւ բողբոջներու միացեալ Կիլիկիա խմբերգով:

Հանդէսին խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Մարիա Պէօճէքեան: Տնօրէնը գնահատեց մանկապարտէզի աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը՝ դեռատի հայ մանուկներուն համար կրթութեան լաւագոյն միջավայր ապահովելուն ուղղուած եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը՝ այդ միջավայրի պահպանման ու զարգացման նկատմամբ: Տիկին Պէօճէքեան իր հերթին ըսաւ, որ տարուան սկիզբը բողբոջներէն ոմանք նոյնիսկ   չէին  գիտեր  քալել ու խօսիլ,  սակայն անոնք այսօր  հանդէս  կու գան համարձակ խօսքով ու շարժումով,  արթնցնելով ուրախութեան եւ  գոհունակութեան զգացումներ: Իսկ կոկոնները արդէն իսկ կատարած են առաջին փոքր քայլերը դաստիարակութեան մը մէջ, որուն նպատակն է զանոնք պատրաստել որպէս նկարագիրով ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.